ՊԱՅՏԸՆ ԵՒ ԾԻՆՓԻՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻՆ ՏԵՍԱԿԱՊՈՎ

Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ մէկ կողմէ մրցակցութիւնն ու լարուածութիւնը կը շարունակուի, իսկ միւս կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ երկխօսութեան որոնումներ յառաջ կը տարուին։ Միջազգային աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի միջեւ մօտակայ ժամանակներուն տեսակապով հանդիպում մը կը նախատեսուի։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ ներկայ տարուայ տեւողութեան երկու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է քանի մը լայնածաւալ հեռախօսազրոյց։ Անոնք ընդհանուր առմամբ տեւած են հինգ ժամ։ Պլինքըն յոյս յայտնեց, թէ յարմար պահով մը անոնք պիտի կարողանան նաեւ անձամբ հանդիպիլ։

Բաց աստի, պետական քարտուղարը դիտել տուաւ, որ ԱՄՆ գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ քննարկումներ կը ծաւալէ՝ Չինաստանի մէջ կայանալիք ձմեռնային Ողիմպիականներուն մասնակցութեան հարցին շուրջ վերջնական որոշում մը առնելու համար։ Ամերիկեան կողմը տակաւին չէ որոշած Փեքինի ձմեռնային Ողիմպիականներուն բերելիք մասնակցութիւնը։ Էնթընի Պլինքընի խօսքով՝ այս պահուն աշխոյժ քննարկումներ կը ծաւալուին։ «Մենք մօտ ենք խաղերուն, սակայն, թոյլ տուէք հիմա այստեղ կանգ առնել», ըսաւ ան։

Ամերիկեան զանազան շրջանակներ միջոցէ մը ի վեր պահանջ կը բարձրաձայնեն խաղերուն չմասնակցելու համար։ Ձմեռնային 24-րդ Ողիմպիական խաղերը Փեքինի մէջ նախատեսուած են յաջորդ տարուայ փետրուարի 4-20-ին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021