ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ ամբողջական ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւններու շուտափոյթ վերսկսումը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը լայն միջազգային աջակցութիւն կը վայելէ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կարեւորէ նաեւ եռեակի ջանքերը՝ նախեւառաջ տարածաշրջանի առջեւ ծառացած ընկերատնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման համատեսքին մէջ», ըսաւ ան։ Այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ օրակարգի վրայ է միջնորդներու նոր այցելութեան հաւանականութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածաշրջան։

Մարիա Զախարովա յայտարարութեան մէջ յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները անցեալ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման ժամանակ։ Ըստ Զախարովայի, ներկայիս եռեակը կը պատրաստուի շփումներու շարք մը եւրոպական մայրաքաղաքներէ ներս։ «Կարեւոր կը համարենք հնարաւորինս արագ վերականգնել եռեակի՝ այս տարածաշրջան լիարժէք ձեւաչափով այցելելու գործնականութիւնը», նշեց ռուս բանբերը, որու յայտարարութիւնները համընկնեցան Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան հանդիպման, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի միջնորդութեամբ, նոյնպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ։

Բաց աստի, Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս «3+3» ձեւաչափի գործարկման ծրագրերը գործնական հարթութիւն տեղափոխելու ժամանակը հասած է։ Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ խորհրդատուական այս ձեւաչափի կապակցութեամբ Վրաստանի կողմէ որդեգրուած վերապահ դիրքորոշման։ «Թիֆլիզէն կը լսենք իրերամերժ յայտարարութիւններ այս խորհրդատուական դրութեան մասնակցութեան առընչութեամբ։ Սա ինքնիշխան պետութեան դիրքորոշում է։ Մեր մեկնակէտն է, որ «3+3» ձեւաչափը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն», նշեց Զախարովա։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021