ՍԵՒ ԼԻՃԻ ՏԱՐԱԾՔԻ ԱՌԿԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն հետեւանքով լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Այդ ամբողջին մաս կը կազմէ Սեւ լիճի տարածքը, ուր ամիսներէ ի վեր լարուածութիւնը կը շարունակուի Ատրպէյճանի զօրքերու ներխուժման հետեւանքով։ Պաքուէն եւ Երեւանէն երէկ այս կապակցութեամբ հակասական լուրեր հրապարակուեցան։ Օրուայ սկիզբին Ատրպէյճան պնդեց, որ հայկական կողմը Քելպեճերի դիրքերուն վրայ կրակ բացած է։ Աւելի վերջ Պաքու ուրիշ պնդումով մը հանդէս եկաւ՝ հաղորդելով, որ 60 հոգիէ բաղկացեալ հայ զինուորներու խումբ մը Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի տարածքէն ներս յայտնուած է շրջապատման մէջ։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հայ զինուորականները փորձած են վերահսկողութեան տակ առնել միջդիրքային ճանապարհ մը, որ Ատրպէյճանի կողմը կը գտնուէր։ Անոնք շրջապատումէ դուրս եկած են Ռուսաստանի սահմանապահներու միջամտումէն վերջ։ Օրուան տեւողութեան ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթեր ալ հրապարակուեցան այս կապակցութեամբ։

Հայկական լրատուամիջոցները փորձեցին Սիւնիքի տեղական իշխանութիւններէն պարզել հարցին բուն էութիւնը, սակայն անոնք ո՛չ հերքեցին, ո՛չ ալ հաստատեցին լուրերը՝ խորհուրդ տալով դիմել Հայաստանի ուժային կառոյցներուն։ Հուսկ, ուշ երեկոյեան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց։ Այսպէսով Երեւան պաշտօնապէս հերքեց Պաքուի պնդումները, որոնք որակուեցան «բացայայտ ապատեղեկատուութիւն»։

Բացի շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերու հերքումէն, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Աւելին, Սեւ լիճի տարածքէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած սադրանքին յաջորդած հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դիմած են ռուսական կողմին՝ իրադրութիւնը հանգստացնելու խնդրանքով եւ ռուսական կողմի աշխոյժ աշխատանքին շնորհիւ յաջողուած է իրադրութիւնը կայունացնել։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Սեւ լիճի տարածքէն ներս իրադրութիւնը կը գտնուի հայկական զինեալ ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքեւ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021