ՓԱԹՐՈՒՇԵՒ-ՇԱՄԽԱՆԻ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի քննարկեցին երկու երկիրներու անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին շրջանին շփումները խտացած են՝ մանաւանդ տարածաշրջանային նոր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Փաթրուշեւ-Շամխանի հանդիպման ընթացքին օրակարգի հիմնական նիւթը եղած են Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021