ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եւրոպական երկիրներու կամ Եւրոպայէ ներս տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ պաշտօնավարող Հայաստանի դեսպաններուն եւ մշտական ներկայացուցիչներուն տարեկան խորհրդակցութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ մասնակցեցան ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վիեննայի ժողովին ընթացքին քննարկուեցան անցեալ Մարտին տեղի ունեցած՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը։ Ամփոփուեցան այս տարուան տեւողութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ կատարուած աշխատանքները։

Վիեննայի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի եւ այդ փաստաթուղթէն բխած ընելիքներուն։ Արծարծուեցաւ եւրոպական այլ կառոյցներէ ներս համագործակցութիւնը։

Հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 24-րդ ժողովի արդիւնքներուն շուրջ։ Եդուարդ Նալպանտեան այս ամբողջին մէջ դեսպաններուն ներկայացուց 6 Դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հանդիպումները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը։

Դեսպաններու խորհրդակցութեան ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ յաջորդ տարի Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ այս առումով դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն ակնկալուած քայլերուն։

Նկատի ունենալով, որ Հայաստան յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնէ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ քննարկում տեղի ունեցաւ կառոյցի օրակարգի հարցերուն շուրջ։

Յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն վրայ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս Հայաստանի ներգրաւուածութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ, անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական վեհաժողովներու գործունէութեան։ Մանրամասն քննարկում տեղի ունեցաւ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, միջխորհրդարանական կապերու խթանման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդարձակման, մշակութային կապերու եւ գիտակրթական փոխանակումներու շուրջ։ Խորհրդակցութեան տեւողութեան կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ դեսպանընկալ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման, ներդրումներու խրախուսման նպատակով իրականացուած քայլերուն։ Այս առումով կարեւորուեցաւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններու հետ աշխատանքներու համադրումը։

Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ էր սփիւռքի կառոյցներու հետ աշխատանքը։

Անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն։

Խորհրդակցութեան մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն՝ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» եւ «Միջազգային պայմանագրերու մասին» օրէնքներու համապատասխանեցումով։

Ամփոփելով խորհրդակցութիւնը՝ Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ յաջորդ տարի իրականացուելիք քայլերու վերաբերեալ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2017