ՀՐԱՏԱՊ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Անգարայի դիւանագիտական երթեւեկը թափ ստացած է վերստին։ Իրաքի եւ Սուրիոյ թէժ հարցերուն առընթեր Թուրքիա վերջին օրերուն անմիջականօրէն հետամուտ է Երուսաղէմի ճգնաժամին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումը գործած է ռումբի ազդեցութիւն։ Ամբողջ իսլամական աշխարհը, նաեւ միջազգային հանրութիւնը միանշանակ չեն ընկալած Ուաշինկթընի վերաբերմունքը։ ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած քայլին դէմ բողոքողներու շարքին Թուրքիա դարձած է դրօշակիր։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն աւելի քան 15 երկիրներու ղեկավարներուն հետ ունեցաւ հեռախօսա-զըրոյց։ Ի շարունակութիւն, Թուրքիան ներկայ շաբաթն ալ կը դիմաւորէ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վերաբերեալ առաջնահերթութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ այս Չորեքշաբթի Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ գագաթաժողովը, որուն կը նախորդեն արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւները։ Սա Երուսաղէմի տագնապին վերաբերեալ երեսակն է։ Բաց աստի, Սուրիոյ եւ Իրաքի խնդիրներուն շուրջ ալ թրքական դիւանագիտութիւնը ներկայ շաբթուան տեւողութեան աշխոյժ պիտի ըլլայ։

Տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ Թուր-քիա սերտ համագործակցութեան մէջ է Ռուսաստանի հետ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջանին կը խմորուին տարածքաշրջանի ապագային տեսակէտէ կարեւորագոյն նորութիւնները։ Այսօր, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Դէպի Եգիպտոս ուղեւորութեան ճանապարհին Փութին քանի մը ժամով կը հանդիպի Անգարա։ Ներկայ տարուան տեւողութեան Էրտողան եւ Փութին այսօր կը հանդիպին եօթներորդ անգամ։ Ռուս ղեկավարը Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը դիմաւորուի պաշտօնական արարողութեամբ։ Այս այցելութիւնը ունի նուրբ նշանակութիւն։ Արդարեւ, Էրտողան եւ Փութին կանգ պիտի առնեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Երուսաղէմի խնդրի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ կացութեան, տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ նիւթերու վրայ։ Էրտողան եւ Փութին տեսակցած էին անցեալ ամիս Սոչիի մէջ, ուր տեղի ունեցած էր Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի եռակողմանի գագաթաժողովը։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ Փութինի այցելութեան ընդառաջ տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները Թուրքիա-Ռուսաստան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը պիտի քննարկեն՝ ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ ծրագրերու վերջին կացութեան առանցքին շուրջ։ Էրտողան եւ Փութին պիտի շօշափեն նաեւ Երուսաղէմի ճգնաժամը եւ Սուրիոյ կացութիւնը։

Ռուսաստան վերջերս պաշտօնապէս հռչակեց, որ Սուրիայէ ներս պարտութեան մատնուած է ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Զուգահեռաբար գործադրութեան փուլ թեւակոխած է Փութինի կողմէ շուրջ երկու ամիս առաջ օրակարգի վրայ բերուած «Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համաժողովի» կազմակերպումը։ Թուրքիա տեղեկացուցած է, որ չի փափաքիր ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տեղ առնելը այդ համաժողովին մէջ։ Անցեալ ամիս նախատեսուած այդ համաժողովը նախ յետաձգուած է ներկայ ամսուան սկիզբին, իսկ աւելի վերջ ալ որոշուեցաւ 2018-ի Փետրուարին տեղափոխել այդ մէկը։ Մոսկուա յամառ կը վարուի այդ համաժողովին քիւրտերն ալ ներգրաւելու ուղղութեամբ։

ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն երկու բարձրաստիճան զինուորականներ այսօր շփումներ կ՚ունենան Անգարայի մէջ։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի կեդրոնական զօրքերու հրամանատար Ճոզըֆ Վոթըլ եւ Եւրոպայի զօրքերու հրամանատար Քէօրթիս Սքափորոթթի կ՚այցելեն Անգարա, ուր կ՚ընդունուին Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու այս այցելութիւնը կը համարուի անակնկալ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերու ապազինման վերաբերեալ խնդիրները։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին խոստացած էր, որ իր երկիրը այլեւս զէնք պիտի չմատակարարէ ՓԵՏ-ին։ Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդած էին նաեւ, որ ետ պիտի առնուին ՓԵՏ-ի այն զէնքերը, որոնք կրնան սպառնալիք հանդիսանալ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Զօրավար Ճոզըֆ Վոթըլ այս նիւթին շուրջ ԱՄՆ-ի կողմէ նախատեսուած քայլերուն մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ զօրավար Հուլուսի Աքարին ու վերահասու պիտի դառնայ թրքական կողմի ակնկալութիւններուն։ Երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիա կը պահանջէ, որ ՓԵՏ-ին տրուած բոլոր զէնքերը ետ առնուին, վերջ գտնէ ԱՄՆ-ի համագործակցութիւնը ՓԵՏ-ի հետ եւ այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ լքէ Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծը։

Բարձրաստիճան զինուորականներու խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը, Իրաքի վերջին կացութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի հարաւային սահմանի անվտանգութիւնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2017