ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Թիֆլիզ։ Ան ելոյթ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին ժամանակ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ սա յիշեալ ֆորումի տասներորդ տարեկան վեհաժողովն է։ Նախարարին աշխատանքային այցը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018