ՀԲԸՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքին կողմէ տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։ ՀԲԸՄ-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը.

«Ժողովուրդի յստակ լիազօրումով եւ իր օրակարգին սատարող խորհրդարանական պատգամաւորներու կայուն զօրակցութեամբ Պարոն Փաշինեան իրականացուցած է յանուն խաղաղ յեղափոխութեան իր ծրագրի կարեւորագոյն փուլը։ ՀԲԸՄ վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր խորհրդարանին նշանակալի յաջողութիւններ կը մաղթէ համատեղ աշխատանքով՝ ի նպաստ առկայ մարտահրաւէրներու լուծման եւ հայ ժողովուրդի՝ իր բարձրագոյն ներուժը դրսեւորելու պայմաններ ստեղծելու գործին մէջ։ ՀԲԸՄ պիտի շարունակէ հետեւիլ քաղաքական զարգացումներուն եւ ժողովուրդի վրայ անոնց ազդեցութեան համապատկերին։ ՀԲԸՄ, ըստ իր առաքելութեան, պատրաստ է աջակցելու յաջորդ կառավարութեան կրթութեան, մարդասիրական ծառայութիւններու, ընկերատնտեսական զարգացման եւ մշակութային ծրագրերու միջոցաւ, յօգուտ հայ ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018