ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

«Յեղափոխական խորհրդարան»։ Այս բառերը կը պատկանին Նիկոլ Փաշինեանին, որ անցեալ կիրակի, յետ ընտրութիւններու սկզբնական արդիւնքներու հրապարակման կը հասնէր իր առաջնորդած «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի կեդրոնը եւ կարճ հանդիպում մը կ՚ունենար այդ խմբաւորման գերագոյն ղեկավարութեան հետ։

Լրագրողի ուշիմութեամբ զինուած, նաեւ իրավիճակները ճիշդ գնահատելու ընդունակութեամբ օժտուած վարչապետը անկեղծ մօտեցումով մը հանրութեան հետ կը բաժնէր Հայաստանի այսօրուան դրութեան վերաբերեալ իր վերլուծական մօտեցումը։ Այսօր, այո՛, Հայաստանի մէջ կը շարունակէ տիրել «յեղափոխական երանութիւն» մը, որու շնորհիւ ալ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները կը յաջողէին տիրանալ երկրի խորհրդարանի մեծամասնութեան։

ԹԻՒԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ

Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները կը հրապարակուէին երէկ եւ, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի վերջին տուեալներուն, խորհրդարան մուտք գործած էին երեք ուժեր՝ «Իմ քայլը» դաշինքը (70.43 տոկոս քուէ), «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (8.27 տոկոս քուէ), եւ վերջապէս «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը (6.37 տոկոս քուէ)։

Անշուշտ, երբ թուանշաններու լեզուով ամրագրենք ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերը հասկնալու մօտեցումը, ապա մեզի համար պարզ պիտի դառնայ, որ 2018 թուականի արտահերթ ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած մեծագոյն ուժը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն (ՀՀԿ) է, որ ստացած է քուէներու 4․7 առ հարիւրը։ ՀՀԿ-ի պարագան շատերուն համար ալ շփոթալի իրավիճակ մը կը ստեղծէր այն իմաստով, որ զայն քննադատութեան թիրախ դարձուցած ուժերէն շատ-շատերը տեղ մը համոզուած էին, թէ ՀՀԿ ամէն գնով պիտի յաջողի յաղթահարել 5 առ հարիւրի նուազագոյն շեմը, հետեւաբար անցնիլ խորհրդարան, բայց այդպէս չեղաւ: Անշուշտ, այդ մօտեցման հետամուտներուն մեծ մասը կ՚անգիտանային, որ Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար շուրջ քսան տարի երկիրը կառավարած քաղաքական ուժը դարձած է անընդունելի եւ մերժելի։ Ի դէպ, նոյն ՀՀԿ-ն 2017 թուականի ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաջողած էր դառնալ երկրի խորհրդարանի գլխաւոր ուժը եւ ստանալ քուէներուն շուրջ կէսը։

ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՒԻ ՆՈՒԱԶՈՒՄ. Ի՞ՆՉ ԵՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Կիրակիի ընտրութիւններուն ամենէն ուշագրաւ փաստը այն էր, որ նախկիններուն բաղդատմամբ այս անգամուան մասնակիցներու թիւը էապէս նուազած էր։ Այսպէս, մինչ 2017 թուականի ընտրութիւններու մասնակիցներուն թիւը հասած էր՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 60 առ հարիւրին, ապա այս անգամ ընտրութիւններու մասնակիցներուն թիւը կազմեց՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու միայն շուրջ 48.63 առ հարիւրը։ Բան մը, որ առիթ կրնայ դառնալ զանազան քննարկումներու։ Այս առումով, բաւական շահեկան եւ տրամաբանական վերլուծութիւն մը կատարած է «Շանթ» հեռուստակայանի մեկնաբաններէն, իմ գործընկեր, յայտնի լրագրող-հրապարակագիր Արամ Աբրահամեան։ Այսպէս, իր տեսակէտով, այս ընտրութիւններուն ո՛չ միայն ընտրակաշառք գոյութիւն չունէր, այլեւ՝ կը բացակայէին այն բոլոր դրութիւնները, որոնք կ՚օգտագործուէին հանրութիւնը ձեւով մը մղելու համար դէպի ընտրական կեդրոններ։ Այս երկու փաստացի տուեալներէն զատ, կար նաեւ հանրութեան «ապահովութեան» զգացումը, որ նաեւ կը հիմնաւորուէր այն հասկնալի մօտեցումով, թէ Փաշինեան եւ խմբակիցները արդէն իսկ պիտի շահին, հետեւաբար, երբեք կարիք չկայ յաւելեալ լարումի կամ ճիգի։

ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ... ԵՒ ԼՈՒՐՋ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Նիկոլ Փաշինեանի համար ամենէն նշակէտային հարցը խորհրդարանի մէջ լուրջ եւ ուժեղ ընդդիմութեան մը բացակայութեան հարցն է։ Ճիշդ է, որ ընդդիմութեան գոյութիւնը յաճախ դրական երանգներով չ՚արտայայտուիր, բայց եւ այնպէս ուժեղ, մանաւանդ անկեղծ ու շինիչ ընդդիմութեան մը գոյութիւնը դրական է բոլոր իմաստներով։ Եթէ այդպիսի ընդդիմութիւն մը ըլլայ, իշխանութիւնը հեռու կը մնայ «գինովնալու» կամ ինքզինք «դրախտային» վիճակի մը մէջ կարծելու հիւանդագին երեւոյթէն, հետեւաբար նաեւ կը զսպէ ինքզինքը, կ՚ամրացնէ իր գօտիները եւ կը հետապնդէ իր ուսերուն դրուած ծանր բեռը։

 Այս առումով ալ շատ կարեւոր է հասկնալ եւ ընկալել, որ Հայաստանի պարագային այսօր ամենէն կարեւորն է՝ յատկապէս քաղաքական դաշտի մէջ լուրջ երկխօսութեան պակասի խնդիրը։ Անցնող փուլին գոյութիւն ունէր օտարում մը, որու հետեւանքով Փաշինեան կամ իր շուրջ համախմբուած երիտասարդ գործիչները կը քննադատէին անձնաւորուած կերպով եւ այդպէս, բնականաբար, կը հեռանային շինիչ ու դրական դեր մը ունենալու առաքելութենէն։ Հաւանաբար, շատեր այս երեւոյթի մասին խօսելով պիտի մատնանշեն, որ ընդդիմադիր գործիչները տեղ մը իրաւունք ունէին այդպէս վարուելու, որովհետեւ իշխանութիւնները բոլոր իմաստներով օտարուած էին՝ առիթ տալով, որ իրենց ընդդիմախօսները հանդէս գան անձնական վիրաւորանքներով։ Հանրութիւնն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւէր այդ գործընթացներուն, գիտէր նաեւ, որ ընդդիմադիր գործիչները իրաւունք ունին այդպէս վարուելու։

Սոյն պատկերը ներկայացնելով պարտիմ անպայման նշել, որ այս մօտեցումները, իրարու հանդէպ վիրաւորական ու ոչ-շինիչ միջավայրի մը մէջ գործելու եղանակները ամէն կերպով վնաս տուին Հայաստանին ու երկրի քաղաքական կեանքին։

Նիկոլ Փաշինեան, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն վերընտրուիլ վարչապետ, լաւ կը գիտակցի այս բոլորը։ Ան գիտէ նաեւ, որ առանց առողջ ընդդիմութեան մը իր եւ իր խմբակիցներուն գործը կրնայ աւելի դժուարանալ... Դժուարանալ՝ այն իմաստով, որ առանց աշխոյժ եւ ձիգ կեցուածքով ընդդիմութեան մը իշխանութիւնը կրնայ «գինովնալ» եւ գործել մեծ ու աններելի սխալներ։

Հոս, այս կէտին վրայ ամենէն կարեւորը հետեւալն է. Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը պէտք է յստակօրէն հասկնայ եւ ըմբռնէ, որ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն «խաղ»ը պայմանաւորուած է՝ հարցերուն դրական լուծումներ տալու, դրական հայեացքներ ունենալու, նաեւ իշխանութիւն-ժողովուրդ օտարումը հեռու պահելու խիստ կարեւոր հանգամանքներով։ Առանց այդ նախադրեալներուն, որեւէ իշխանութիւն կրնայ մտնել անկումի եւ նահանջի փուլը, որու աւարտն ալ, անշուշտ, անփառունակ վախճանն է, ինչպէս պատահեցաւ քսան տարիներ Հայաստանը ղեկավարած ՀՀԿ-ի պարագային։ ՀՀԿ մէկ օրուան մէջ չպարտուեցաւ, ՀՀԿ մէկ օրուան մէջ չտուժեց եւ ՀՀԿ մէկ օրուան մէջ ատելի ուժ չդարձաւ։ Այդ արժէքաւոր կուսակցութիւնը ունէր մեծ նախադրեալներ, ներուժ, մարդուժ, վաստակուած քաղաքական ներկայութիւն եւ կամք, սակայն սխալներու կուտակման պատճառով սկսաւ քայլ առ քայլ նահանջի ճամբան բռնել ու այդ նահանջին բերումով է, որ Փաշինեան կարողացաւ դուրս գալ փողոց եւ ՀՀԿ-ի դէմ առկայ ատելութիւնը քաղաքական միաւորի մը վերածել ու տապալել իշխանութիւնը։

Հետեւաբար, այսօր եւս, հակառակ, որ Փաշինեանի առաջնորդած «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը յաջողած է տիրանալ երկրի խորհրդարանի մեծամասնութեան, շատ դժուար չէ, որ ան մէկ գիշերուան մէջ դառնայ նուազ սիրելի քաղաքական ուժ մը, ապա ընթացք կ՚առնէ գահավիժումի գործընթացը, որ կրնայ վրայ հասնիլ զարմանալիօրէն շատ կարճ ժամանակով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018