ԱԼԻԵՒ ՄԻՇՏ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի աւարտին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը երէկ Պաքուի մէջ նշուեցաւ մեծ տօնախմբութիւնով մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս յաղթանակի տողանցքին մասնակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Նախագահ Էրտողան Պաքու հասնելէ վերջ այցելեց նահատակներու յուշարձանը եւ ծաղկեպսակ մըն ալ թողեց Ատրպէյճանի հիմնադիր-ղեկավար Հայտար Ալիեւի յիշատակին։ Ան աւելի վերջ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցութիւն բերաւ յաղթանակի տողանցքին, որու աւարտին երկու ղեկավարները առանձնազրոյցի համար անցան Երիտասարդութեան պալատ։ Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումէն վերջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուեցան։ Երկու ղեկավարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Երէկ օրուան տեւողութեան Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները զանազան առիթներով ելոյթներ ունեցան։ Անոնք տարբեր երանգներով եւ շեշտադրումներով արտայայտուեցան, ինչ որ նկատելի էր յստակօրէն։

Զօրահանդէսի ընթացքին Ալիեւ նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդարութիւնը յաղթանակած է։ «Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը մեր պատմական հողերն են», ըսաւ Ալիեւ ու պնդեց, որ տակաւին անցեալ դարու 80-ականներուն հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներ վտարուած են իրենց հայրենի հողերէն։ 90-ականներու իրադարձութիւնները եւ անոնց յաջորդած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը Ալիեւի կողմէ որակուեցան շրջափակում։ Ան ընդգծեց, որ իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնուած է։ Միեւնոյն ժամանակ Ալիեւ ակնարկեց, որ ներկայիս աշխարհաքաղաքական իրավիճակը լիովին ձեռնտու չէ իրեն համար։ Ան յիշեցուց, որ աւելի առաջ ինք բազմիցս ըսած էր, թէ Հայաստանի կողմէ իրենց տարածքներու չյանձնուելու պարագային այդ հարցը կը լուծուի ռազմական ճանապարհով։

Հայաստանի լրատուամիջոցներուն մօտ ալ լայն արձագանգ գտած են Ալիեւի յայտարարութիւնները։ Այսպէս, իր խօսքերը այնպէս կը մեկնաբանուին, թէ ակնարկած է պատերազմի հաւանական շարունակութեան՝ նոյնիսկ մինչեւ Հայաստանի տարածքի գրաւումը։

Պաքուի «Ազատլըք» հրապարակին վրայ տողանցքի ժամանակ ցուցադրուեցան նաեւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքտար» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էին պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողան աւելի տարբեր երանգներ վերագրեց իր ելոյթին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի շարունակեն դժուարութիւնները յաղթահարել եւ յաջողութիւններ արձանագրել՝ որքան ատեն որ կողք-կողքի են։ Ան շարունակեց.

«Այլեւս պէտք է իրենց խելքը գլուխը հաւաքեն անոնք, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչինչ ապահոված են՝ բացի փլուզումներէ, սպանդներէ եւ արցունքէ։ Հայ ղեկավարները ժողովուրդին միջոցները սպառած են՝ Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւման տակ պահելու համար։ Մինչդեռ, եթէ այդ միջոցները չօգտագործուէին անիմաստ պաշտպանական դիրքերու եւ զէնքերու, քինախնդրութենէ տարուած ղեկավարներու յաւակնութիւններուն համար, ապա այսօր տեսարանը շատ աւելի տարբեր կրնար ըլլալ։ Կը մաղթենք, թէ հայ քաղաքական գործիչները շատ լաւ հասկնան այս բանը եւ համարձակ քայլեր առնեն խաղաղութեան ու կայունութեան հիմքով։ Կը մաղթենք, թէ Հայաստանի ժողովուրդը փրկուի ազդեցութենէն սփիւռքին, որ զինքը դատապարտած է աղքատութեան եւ ուշադրութիւնը շեղած է անցեալի սուտերով։ Այլեւս պէտք է նկատուի, որ կարելի չէ տեղ մը հասնիլ Արեւմուտքի ծաւալապաշտներու հրահրումով։ Թշնամութեան փոխարէն բարիդրացիութեան հիմքով յարաբերութիւնները պէտք է վերստին ձեռք առնուին։ Հայաստանի ժողովուրդը եթէ դաս մը քաղէ Ղարաբաղի մէջ ապրուածներէն, ապա սա տարածքաշրջանէ ներս նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ»։

Պաքուի մէջ Էրտողան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին կրած այդքան ցաւով հանդերձ, Ալիեւ գնահատելի դիրքորոշում մը որդեգրած է մշտական կայունութեան ճանապարհին։ Իր բարեացակամ ջանքերը կը խրախուսուին Թուրքիոյ կողմէ եւ ըստ Էրտողանի անոնք պէտք է արժեւորուին նաեւ երկխօսներուն կողմէ։ Նախագահ Էրտողան յարգանքով ոգեկոչեց Ատրպէյճանի բանակի նահատակները եւ իր ելոյթին մէջ բանաստեղծական մէջբերումներ ըրաւ այն քաղաքներուն մասին, որոնք պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։ Ելոյթի աւարտին Էրտողան Ալիեւի հետ միասին ողջունեց տողանցքի մասնակից Ատրպէյճանի բանակի եւ Թուրք զինեալ ուժերու ներկայացուցիչները։

Այս ռազմական շքերթէն վերջ, Պաքուի Երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Ալիեւի հանդիպումը, որմէ վերջ անոնք համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին։ Նախագահ Էրտողան այս փուլին դրուատիքով արտայայտուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասին։ Իր խօսքով՝ Փութինի դրական մօտեցումները նպաստած են, որ գործընթացը ընթանայ դրական ուղղութեամբ։ Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ Իլհամ Ալիեւ լաւ առաջարկ մը յղացած է եւ ինք մեծապէս կը կարեւորէ այդ մէկը։ Սոյն առաջարկով կը նախատեսուի Կովկասի վեցեակ հարթակի մը ձեւաւորուիլը։ Այս այլընտրանքը հաշտ աչքով կը դիտուի նաեւ Փութինի կողմէ։ Էրտողան նշեց, որ այդ հարթակը պիտի համախմբէ Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ եթէ ընդունի՝ նաեւ Հայաստանը։ Այսպէսով տարածքաշրջանային խաղաղութիւն մը պիտի հաստատուի։ «Մենք կ՚ուզենք խաղաղութեան աղաւնիներ դառնալ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ տարածքաշրջանային խաղաղութիւնը կ՚ենթադրէ տարածքաշրջանի երկիրներուն տեսակէտէ որոշ բեռ մը։ Սա կը վերաբերի զանազան ոլորտներու. ինչպէս՝ ենթակառուցուածքներ, քաղաքականութիւն, դիւանագիտութիւն, եւ այլն։ «Այսօր ալ դարձեալ իմ եղբօրս ըսած եմ, որ այս ուղղութեամբ եթէ դրական քայլ մը առնուի, մենք ալ կը բանանք մեր փակ սահմանը։ Կը բաւէ, որ այս դրական քայլերը առնուին։ Մենք ալ չենք փափաքիր, որ Հայաստանի առջեւ փակենք մեր դռները։ Որովհետեւ մենք կը փափաքինք խաղաղութեան աղաւնիներ ըլլալ, խաղաղութեան քայլեր առնել։ Մենք Հայաստանի ժողովուրդին դէմ քինախնդրութիւն չունինք։ Մեր դժուարութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան հետ է։ Իմ երկրիս մէջ ես 100 հազարէ աւելի հայ քաղաքացի ունիմ։ Անոնց շարքին կը հիւրընկալուին նոյնիսկ անոնք, որոնք քաղաքացիութիւն ձեռք չեն կրցած բերել։ Մենք մարդոց դէմ քինախնդրութիւն չունինք։ Նպատակը մասնաւորապէս խաղաղութեան տիրապետելն է, համապատասխան քայլեր պէտք է առնենք, սակայն այստեղ ղեկավարութիւնները շատ կարեւոր են», նշեց Էրտողան։

Պաքուի յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան նշեց, որ յառաջիկայ շրջանին հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս ենթակառուցուածքներու շինարարութեան ոստում մը պիտի ապրուի։ Մայրուղիներ, երկաթուղիներ պիտի կառուցուին։ Այս ուղղութեամբ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ արդէն որոշումներ տրուած են։ Այս բոլոր ճանապարհներուն հետ կլիման պիտի փոխուի, երբ Նախիջեւանը պիտի միանայ Զանգելանին եւ Զանգելանէն ալ դէպի հիւսիս բոլոր ճանապարհները պիտի կառուցուին։ Հետեւաբար, Էրտողան երէկ ստորագրուած փաստաթուղթերը նկատեց տակաւին խորհրդանշական սկիզբ մը։ Տակաւին բազում ստորագրութիւններ պիտի դրուին եւ անոնց հիմքով Ատրպէյճան եւ Ղարաբաղ շատ տարբեր ձեւով վերելքի պիտի անցնին։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իլհամ Ալիեւն ալ նշեց, որ Թուրքիա անկախութեան, համարձակութեան եւ զարգացման օրինակ մըն է աշխարհին համար։ Իր խօսքով՝ Էրտողանի ղեկավարութեան շնորհիւ Թուրքիա դարձած է համաշխարհային ուժային կեդրոն մը ու կը պաշտպանէ շահերը տուժած ժողովուրդներուն։

Էրտողան եւ Ալիեւ Պաքուի մէջ մասնաւոր արարողութիւնով մը կնքեցին նաեւ երէկուան տողանցքին ի յիշատակ թողարկուած դրոշմաթուղթերը։ Աւելի վերջ Իլհամ եւ Միհրիպան Ալիեւ ամոլը պաշտօնական ճաշ մը սարքեց Ռեճեփ Թայյիպ եւ Էմինէ Էրտողան ամոլին ի պատիւ։

Երէկուան տողանցքին զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանն ալ ընդունեց որոշում մը, որով երկրէն ներս պատերազմի պատճառով յայտարարուած ռազմական դրութիւնը արդէն չեղարկուեցաւ։

ՄՈՒՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա արձագանգեց Իլհամ Ալիեւի կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ըստ իրեն, Մոսկուա հաշուի կ՚առնէ, որ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը շատ բարդ է։ Շատ ջանքեր գործադրուած են, որպէսզի վերադարձ ըլլայ խաղաղութեան հունին մէջ, դադրեցուին մարտական գործողութիւնները եւ կողմերը կրկին նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, սկսի փախստականներու վերադարձի, ենթակառուցուածքներու վերականգնման գործընթացը։ Տարածքաշրջանէ ներս կեանքի բոլոր ասպարէզներու մէջ կարգաւորման ուղղեալ պայմաններ ստեղծուած են։ Այդ աշխատանքը շատ ջանք կը պահանջէ։ «Քաղաքական յայտարարութիւնները պէտք է նպաստեն այս իսկ գործընթացներուն։ Շատ մեծ ջանքեր գործադրուած են ու եկէք յիշենք, որ շատ կեանքեր տրուած են։ Որեւէ քաղաքական յայտարարութիւն պէտք չէ անցնի այս բանին վրայով», ըսաւ Զախարովա։

Բաց աստի, Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մէջ նախատեսուած՝ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս կ՚ապաշրջափակուին տնտեսական փոխադրութիւններու բոլոր ուղիները ու ներկայ պահուն առաւել հեռանկարային ուղղութիւն կը համարուի երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը։

Զախարովա նշեց նաեւ, թէ Պաքուի եւ Երեւանի առկայ տարաձայնութիւններու յաղթահարման համար գոյութիւն ունի միակ ճանապարհ մը։ Այսպէս, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ուղիներ փնտռեն տարածքաշրջանէ ներս առկայ բոլոր խոր հակասութիւններն ու տարակարծութիւնները իրենց շահերուն համապատասխանեցնելու համար։ Երկու երկիրներու տարածքէն ներս ալ պատմական դրական փորձառութեան օրինակներ կան ատրպէյճանցիներու եւ հայերու համակեցութեան տեսակէտէ։ Այժմ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ դադրեցուած է արիւնահեղութիւնը։ Համաձայնութիւն գոյացած է փախստականներու եւ տեղահանեալներու վերադարձին, նաեւ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ։ Արդէն ստեղծուած է մարդասիրական արձագանգման կեդրոն մը, որով կը նախատեսուի Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին օգնութիւն տրամադրել՝ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վերականգնման, բնակչութեան բնականոն կեանքի պայմաններու ստեղծման համար։ Զախարովա ընդգծեց, որ այս բոլորը իսկական նախադրեալներ կը ստեղծեն ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան հաստատման համար։ «Այդ երկխօսութիւնը տարաձայնութիւնները յաղթահարելու միակ հնարաւոր տարբերակն է», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս բանբերը նշեց, որ կողմերը պէտք է մասնակցին տարածքաշրջանէ ներս առեւտուրի, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի հնարաւորութիւններու փոխադարձ շահաւէտ զանազան տարբերակներու իրականացման։ Օրակարգի վրայ պէտք է գան գործարարներու, գիտնականներու, առհասարակ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ կապերու ստեղծումը եւ համախմբումը։ Համագործակցութեան հաւանական տարբերակներէն մին է լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները՝ մանաւանդ, որ արդէն նման փորձառութիւն մը գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը կը համարուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ ճիշդ քայլերը։ Այնուամենայնիւ, ըստ Զախարովայի, այս բոլորը հնարաւոր կ՚ըլլայ պետութիւններու ղեկավարներու քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նախընթաց օր այցելեց Թեհրան։ Ճեւատ Զարիֆ ատրպէյճանցի պաշտօնակցին հետ վարած բանակցութիւններու աւարտին ըսաւ, որ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած են երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։ Սա կը վերաբերի մասնաւորապէս պատերազմական գօտիի տարածքներու վերականգնման, հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջանցքին եւ Կասպից ծովու ուժանիւթակիրներուն։

Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ճեւատ Զարիֆի առընթեր, Ճէյհուն Պայրամով Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ։ Այս վերջինը նշեց, որ Թեհրան կոչ կ՚ուղղէ տարածքաշրջանի պետութիւններուն՝ կանխել ապակայունացման եւ անկարգութիւններու նոր կէտերու ձեւաւորումը։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց  Պաքուի մէջ երէկ Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան խստօրէն դատապարտեց Պաքուի մէջ Ալիեւի կողմէ կատարուած սադրիչ յայտարարութիւնները, որոնցմով բարձրաձայնուած են Հայաստանի դէմ տարածքային նկրտումներ։ Ըստ բանբերին, այս բոլորը լուրջ կասկածի տակ կը դնեն խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը ու կը վտանգեն տարածքաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Ըստ իրեն, Ալիեւի յայտարարութիւնները կը հակասեն հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան ոգիին եւ դրոյթներուն։

Մանէ Գէորգեան քննադատած է նաեւ նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020