ԸՍՏ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ, ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՆՈՐ ԿԷՏ ՄԸՆ Է ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Russia Today» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ վերջին շրջանին Մոսկուայի հասցէին Արեւմուտքի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած մեղադրանքներուն։ Ըստ ռուս նախարարին, անոնց զգալի մասը կը վերաբերի նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի տագնապներուն։ «Վերջին շրջանին մեզ կը մեղադրեն, թէ մենք կը միջամտենք Սպիտակ Ռուսիոյ ներքին գործերուն, կը մեղադրեն նաեւ, որ մենք միջամտած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացառապէս մեր աշխարհաքաղաքական դիրքերը ամրապնդելու համար՝ ընդդէմ Արեւմուտքի», ըսաւ ռուս նախարարը։ Բաց աստի, ըստ Լաւորովի, պնդումներ կը հնչեն, որ Ռուսաստան իբրեւ թէ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ հետ՝ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանը բաժնելու համար, որպէսզի այնտեղ չամրապնդուին Արեւմուտքի դիրքերը։ Ռուս նախարարը ընդգծեց, որ ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի՝ մասնաւորապէս Անգլիոյ յառաջատար վերլուծաբաններուն մօտ կը տիրէ այսպիսի տրամաբանութիւն եւ հոգեբանութիւն։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան օրակարգին վրայ յայտնուած նոր կէտ մըն է Լեռնային Ղարաբաղը։ Ռուս նախարարը ընդգծեց, որ Արեւմուտքը Մոսկուան մեղադրելու համար կրնայ տակաւին շատ առիթներ յօրինել։ Ռուսական կողմը պատրաստ է նման մեղադրանքներու։ «Օրերս կարդացի, որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը կը խրախուսէ Ռուսաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ միութենական պետութեան դէմ պատժամիջոցները միայն այն պատճառով, որ այդպիսի միութիւն մը գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը չեն հաւնիր անոնք, որոնք կը փափաքէին Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ եւս գունաւոր յեղափոխութիւն մը իրականացնել», ըսաւ Լաւրով, ըստ որու Մոսկուայի շարք մը վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի տեսակէտէ լաւագոյն ելքը աւելի սերտ համարկումն է Ռուսաստանի հետ՝ Ռուսաստան-Սպիտակ Ռուսիա միութենական պետութեան օրինակով։

Լաւրովի այս յայտարարութիւնները հնչեցին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան կատարելիք այցելութեան ընդառաջ՝ յետպատերազմեան շրջանին առաջին անգամ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020