ՄԱԿ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

ՄԱԿ հաստատեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն մը ուղարկելու մտադրութիւնը։ Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն, որպէսզի համագործակցին այդ առաքելութեան շուտափոյթ ժամանման նպատակով։ «Չեմ կրնար ըսել, թէ խոչընդոտ մը կայ։ Մանրամասնութիւնները տակաւին կը քննարկուին։ Ինչպէս արդէն նշած եմ, մենք պատրաստ ենք բաւարարել հակամարտութենէ տուժած բոլոր անձերու մարդասիրական կարիքները։ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման վարչութիւնը եւ այլ մարմիններու մեր գործընկերները կ՚աշխատին ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ, որպէսզի մարդասիրական կարիքներու անկախ գնահատականներ իրականացուին», ըսաւ Տիւժարիք։

Ըստ բանբերին, բոլոր կողմերը պէտք է համագործակցին ՄԱԿ-ի հետ՝ առաքելութեան հնարաւորինս արագ ժամանման համար։

Աւելի առաջ ՄԱԿ-ի աղբիւրները յայտնած էին, որ շրջանի բնակիչներու կարիքներու գնահատման նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ պիտի մեկնի առաքելութիւն մը դեկտեմբերի սկիզբին, սակայն, այդ բանը տակաւին տեղի չէ ունեցած։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ կը նախատեսեն Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ընդլայնել ներկայութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020