ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒԺԻՆ ԵՒ ՈԳԻԻՆ»

Հայաստանի մատնուած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ երկիրը կը շարունակէ մնալ անորոշութեան ճիրաններուն մէջ։ Ստեղծուած աղիտալի կացութեան մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն հանդէս գալ հեռատես եւ հաւասարակշռուած պատգամներով։ «Դառն իրողութիւնը ընդունելու խիզախութիւն պէտք է ունենանք, պէտք է գնահատական տանք մեր սխալներուն եւ արդիւնաւէտ քայլերով յառաջ շարժուինք», ըսաւ ան Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն շարունակ կ՚անդրադառնայ առկայ իրավիճակէն դուրս գալու հաւանական ելքերուն, լուծումներուն։ «Որպէս ժողովուրդ եւ պետութիւն՝ այլ ընտրութիւն չկայ, քան միասնական ուժերով, ձեռք ձեռքի տուած ոտքի կանգնիլը», եւ աւելցուց, որ յառաջ շարժելու համար նախ եւ առաջ պէտք է սթափ ու ճշգրիտ գնահատական մը տալ իրավիճակին ու հնարաւորութիւններուն։ Պէտք է գիտակցիլ, որ հայ ժողովուրդը շարք մը տագնապներու առերեսուած է։ Ուստի, պէտք է ընդունիլ իրողութիւնը ու մտածել այդ մէկէն դուրս գալու արդիւնաւէտ ճանապարհներուն մասին։ Նախագահ Սարգսեան առանձնապէս ընդգծեց համակարգային լուծումներու, հաստատութիւններու կարեւորութիւնը՝ նկատելով, որ առանձին անհատներ ի զօրու չեն յաղթահարել այս դժուարութիւնները։

«Փրկիչներ չկան։ Մենք պէտք է ունենանք զարգացման տեսլական, ռազմավարութիւն, ծրագիր։ Մենք պէտք է հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքով կարգապահութեամբ կառուցենք մեր պետական կառոյցները։ Ասոր համար մենք առաջին հերթին պէտք է ընդունինք, որ ունինք խոր տագնապ, ընդ որում, ոչ թէ մէկ հատ, այլեւ՝ քանի մը հատ։ Մենք պէտք է հրաժարինք ցանկալին որպէս իրականութիւն մատուցելէ, պէտք է հրաժարինք սուտէ եւ կեղծիքէ, ժապաւէններով իրարու վրայ ցեխ շպրտելէ։ Մենք ի վերջոյ, դառն իրողութիւնը ընդունելու խիզախութիւն պէտք է ունենանք, գնահատական պէտք է տանք մեր սխալներուն եւ արդիւնաւէտ քայլերով յառաջ շարժինք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ ընդգծեց, որ առաւել քան երբեք կը վստահի ժողովուրդի ուժին եւ ոգիին։ Ան նշեց, որ պէտք է պատրաստել առկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար ճանապարհային քարտէս մը։ «Միայն միասին հնարաւոր է դուրս գալ այս իրավիճակէն, յաղթահարել այս դժուարին մարտահրաւէրները», շեշտեց ան։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի մէջ երէկ ալ շարունակուեցան ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխաններն ալ զանազան յայտարարութիւններու ժամանակ կը բացառեն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տակաւին ամիսներ շարունակ պաշտօնավարելու հաւանականութիւնը։ Իր կարգին, խորհրդարանի «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան երեսփոխաններէն Էտմոն Մարուքեան ըսաւ. «Ես կը տեսնեմ, որ ամենաուշը վեց ամիսէն մենք պիտի ունենանք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Թէ ո՞վ պիտի կազմակերպէ անոնք՝ չեմ գիտեր»։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ Հայաստանի բժիշկներն ու առողջապահութեան համակարգի աշխատողները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով պահանջեցին երկրէ ներս ստեղծուած աղիտալի վիճակի պատասխանատու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ իր գլխաւորած կառավարութեան ինքնակամ ու անցնցում հեռացումը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020