ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան կը պատրաստուի այցելել Պրիւքսել։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովին, որ նախատեսուած է 16-18 դեկտեմբերին։ Բանակցութիւններու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Հայաստանի Արդարադատութեան փոխ-նախարար Քրիստինէ Գրիգորեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխ-նախարար Յակոբ Վարդանեան, Տնտեսութեան փոխ-նախարար Վարոս Սիմոնեան, Բնապահպանութեան փոխ-նախարար Աննա Մազմանեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արթուր Մարտիրոսեան եւ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակի ղեկավարը՝ Սեդրակ Բարսեղեան։

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան համագործակցութիւնը ունի բաւական ծաւալուն օրակարգ մը։ Գործընկերութեան խորհուրդը ամենակարեւոր հարթակներէն մին է, որու վրայ ծաւալուած քննարկումներով կը հունաւորուին այդ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020