ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔՈՎ՝ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐՆ Է

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրները լուծելու ամենամեծ հնարաւորութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է։

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Գրիգորեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմերուն միջեւ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ աւելցուց, որ այդ մէկը շատ կարեւոր դրական քայլ մըն է՝ դէպի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Իր խօսքով՝ այդ յայտարարութիւնը երկկողմանի բանակցութիւններու արդիւնքն է եւ որեւէ միջնորդ ներգրաւուած չէ եղած։

«Սա այն քայլն էր, որ ցոյց տուաւ, թէ ցանկութիւն կայ յառաջ շարժուելու խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Խնդիրները լուծելու ամենամեծ հնարաւորութիւնը խաղաղութեան պայմանագիրն է։ Ի հարկէ, քիչ մը դժուար կը թուի, սակայն մենք պատրաստ ենք նոյնիսկ մինչեւ դեկտեմբերի վերջը ստորագրել համաձայնագիրը, բայց եթէ չստացուի, հնարաւորինս ամենաշուտ ժամկէտի մէջ խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրենք», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ Երեւան պատրաստ է բոլոր ձեւաչափերը օգտագործելու՝ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու եւ զայն ստորագրելու համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023