ՍՐԲԱԶԱՆ ԳՈՐԾ ՄԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, նախընթաց օր, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով հանդիպեցաւ Մայր Աթոռի զանազան կառոյցներէ ներս պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներու հետ:

Միասնական աղօթքէ յետոյ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ներկաներու անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը բերկրաշատ տօներու առիթով՝ վստահեցնելով, որ Մայր Աթոռի պաշտօնէութիւնը՝ իբրեւ մէկ ընտանիք, համախմբուած Ամենայն Հայոց Հայրապետի շուրջ, նոր տարիին կը շարունակէ իր գործօն նպաստն ու ներդրումը բերել Ս. Էջմիածնի առաքելութեան իրականացման սրբազան գործին:

Պաշտօնէութեան անունով Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորական խօսք ուղղեց նաեւ Մայր Աթոռի երիցագոյն աշխատակիցներէն Նորայր Խաչատրեան: Վերջինս ընդգծեց, որ Վեհափառ Հայրապետի 20-ամեայ գահակալութեան տարիներուն հետեւողական կերպով իրագործուած են բազմաթիւ ծրագրեր քարոզչական, կրթական, ընկերային եւ եկեղեցաշինութեան ոլորտներու մէջ: Խաչատրեան Նորին Սրբութեան բարեմաղթեց ուժ, եռանդ եւ հաստատակամութիւն ազգի եւ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:

Այնուհետեւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով ներկաները շնորհաւորեց եւ իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Նորին Սրբութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնելով աւանդական դարձած հանդիպման կապակցութեամբ, իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Մայր Աթոռի աշխատակազմի նուիրեալ ծառայութեան համար, որու շնորհիւ կ՚արդիւնաւորուի Ս. Էջմիածնի առաքելութիւնը, կը պայծառանայ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը:

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց տարուայ ընթացքին նախանշուող կարեւոր ծրագրերուն: Մասնաւորապէս, 2019 թուականը Ընտանիքի տարի հռչակելու առիթով Մայր Աթոռի կողմէ տեղի կ՚ունենան հասարակութեան մէջ ընտանիքի արժեւորման, ընտանեկան արժէքներու եւ ամրութեան բարձրացման ուղղուած միջոցառումներ: Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց ընթացիկ տարուան ընթացքին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման, Մայր Տաճարի ու Վեհարանի հիմնանորոգութեան աշխատանքներու եւ եկեղեցական նոր ծրագրերու մասին:

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի աշխատակիցներուն մաղթեց քաջառողջութիւն, երջանկութիւն ու յաջողութիւններ իրենց կեանքին մէջ:

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019