ԱՆԷԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի՝ անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ արձագանգ գտնել զանազան հարթակներու վրայ։ Նախընթաց օր Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջին վրայ հրապարակուեցաւ թերթիս դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ իսկապէս դիպուկ գրութիւն մը, որ զօրակցութեան բնոյթ կը կրէր։ «Անէացման ճանապարհին» խորագրեալ այս յօդուածը ստորագրուած է յայտնի անունի մը՝ մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ։ Յօդուածը այնքան լաւ սահմանումներով ու բանաձեւումներով կ՚արծարծէ ընդհանուր առմամբ հայ իրականութեան ենթարկուած կացութիւնը՝ այդ ամբողջին մէջ յստակացնելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տեղն ու նշանակութիւնը։ Հեղինակը անծանօթ մը չէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ոչ միայն վաղեմի բարեկամն ու գործակիցը, այլեւ՝ հարազատներէն, որովհետեւ թերթիս դարադարձի շրջանին պատրաստուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի արտադրութեան մղիչ ուժը եղած է, գաղափարի յղացողը, բեմագիրը։ Այս հանգամանքը կու գայ բազմապատկել այս յօդուածին արժէքը յաչս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Տիգրան Պասկեւիչեան ներկայիս կը գլխաւորէ «Ալիք մետիա»ի խմբագրութիւնը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերաբերեալ իր զգայնութիւնը արտայայտած է այդ հարթութեան վրայ։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կ՚արտատպենք յօդուածը, որուն համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք սիրելի Տիգրան Պասկեւիչեանին։

*

Ամէն անգամ, երբ կը լսեմ «համաշխարհային ազգ ենք» արտայայտութիւնը, կը մտածեմ՝ տեսնես ինչ նկատի ունին մեզ այսպէս ձեւող-ձեւակերպողները։

Անհեթեթութիւն է, ի հարկէ, բայց նոյնիսկ անհեթեթը ձեւակերպելու ժամանակ պէտք է նկատի ունենալ բան մը կամ բաներ, որոնք կրնան արդարացնել ձեւակերպման շարժառիթն ու տարողութիւնը։

Եթէ նկատի ունին, որ մենք ցրուած ենք ամբողջ աշխարհով, սա ֆիզիքական գործօն է, որ դժուար թէ առաքինութիւն համարել։ Չինացիները, հրեաները, իրլանտացիները, ուքրանացիները մեզմէ պակաս չեն ցրուած, թիւով գուցէ կը գերազանցեն։

Եթէ նկատի ունին այլ պետութիւններու, մեծ կայսրութիւններու մէջ հայ անհատներու ունեցած դերը, սա ալ մոլորութիւն է։ Հայազգի որեւէ պետական գործիչ, կեներալ, գիտնական, արուեստագէտ գործած է եւ կը գործէ ի շահ այդ պետութեան եւ եթէ բան մըն ալ կ՚աւելցնէ քաղաքակրթութեան, կ՚աւելցնէ անոր անունով։

Եթէ նկատի ունին տարբեր երկիրներու մէջ, համայնքային կեանքով ապրելով, այլ մշակոյթներուն գոյն ու երանգ տալը, չարաչար կը սխալին։ Նախ՝ մեր համայնքները բաւարար գունեղ չեն, երկրորդ՝ այդ երկիրներուն մէջ գոյնն ու երանգը այնքան շատ են, որ մերը կը կորչի բազմաբղէտութեան մէջ։

Մեզ «համաշխարհային» համարողները, սակայն, երբեք նկատի չունին աշխարհի տարբեր կէտերու վրայ գործող հայկական հաստատութիւնները։ Գիտեն տեղերը, բայց նկատի չունին եւ չեն ուզեր ունենալ, քանզի անոնք խնամք ու հոգածութիւն կը պահանջեն։

Մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեան ահազանգ հնչեցուց, որ հայկական այդ պարբերականը, չունենալով որեւէ աջակցութիւն, էսօր-էգուց պիտի փակուի։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու քանի մը հատէն բացի՝ ո՞վ արձագանգեց, ինչպէ՞ս։ Ո՞վ փորձեց հասկնալ անոր արժէքն ու գինը։

Գերթեքնոլոժիք նիհիլիզմը (ոչնչապաշտութիւն) հազիւ թոյլ կու տայ յօրանջել, թէ «տէ լաւ, հիմա ո՞վ թերթ կը կարդայ»։ Այսինքն, թերթ մը աւելի, թերթ մը պակաս, ոչինչ պիտի փոխուի համաշխարհային ազգի մեր օրակարգին վրայ։

Իրականութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ոչ թէ թերթ մըն է, այլ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող օրաթերթերէն (այդ թուին նաեւ՝ թրքական) ամենատարեցը, որ 1908-ի հոկտեմբերի 28-ի իր հիմնադրումէն մինչ օրս երբեք չէ դադրած լոյս տեսնելէ, նոյնիսկ ցեղասպանութեան օրերուն։

Իրականութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ոչ թէ թերթ մըն է, այլ մտաւորական ժառանգականութեան վառ ապացոյց. 1908-էն ցայսօր թերթը կը տնօրինէ, կը խմբագրէ ու կը տարածէ մէկ ընտանիք՝ Գօչունեանները։

Իրականութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ոչ թէ սոսկ թերթ մըն է, այլ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ։ 114 տարի ԺԱՄԱՆԱԿ ունեցած եւ դեռ ունեցող համայնքը, որքան ալ փոքրանայ, որքան ալ ուծացուի, որքան ալ հեռանայ մայր լեզուէն, թրքական պետութեան կողմէ առնուազն գործօն կը նկատուի։

«Հիմա ո՞վ թերթ կը կարդայ» ըսողները չեն ալ գիտակցիր, որ այսօր թերթի մը, վաղը միւսի, յաջորդ օրը դպրոցի մը (դպրոցներու) փակում թոյլ տալով՝ կ՚աջակցին համայնքի նահանջին։ Չէք եղած, այստեղ, այս կողմերուն չէք երեւցած՝ կ՚ըսէ թուրք պետութիւնը։ Եւ ճիշդ կ՚ընէ. եթէ չկանք, ուրեմն չենք ալ եղած։

Համայնքը այսօր թերթը պահելու ուժ ու եռանդ չունի, գիտակցութիւն չունի, որ երբեմն ու յաճախ պէտք է փայփայել նաեւ թեքնոլոժիք դարաշրջանին «անիմաստ» նկատուող բաներ։ Սա առանձին համայնքի թերացում է, բայց միթէ համաշխարհային մեր ազգի մէջ չկա՞ն պետական, հասարակական, բարեգործական միաւորներ, որոնք կը ստանձնեն ոչ միայն վերացական ամբողջի, այլեւ շօշափելի մասի գոյութեան պատասխանատուութիւնը։

Վերջին անգամ «համաշխարհայինի» մասին, կարծեմ, խօսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ 2020 թուականի յունիսի 19-ին «Ազգ» թերթին, սփիւռքահայ «Պայքար» եւ «Armenian Mirror-Spectator» պարբերականներուն տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ան կ՚ըսէր. «Մենք վերապրող ժողովուրդ ենք եւ որպէս ռազմավարական դիրք ունեցող զարգացող երկիր եւ համաշխարհային ազգ, մեր խօսքը ունինք ըսելու աշխարհին: Այդ իմաստով ես զիս կը տեսնեմ որպէս միջնորդ, որպէս դեսպան Հայաստանի ու աշխարհի միջեւ»։

Գուցէ դուք միջնորդէք, պարո՛ն նախագահ ու կասեցնէք եւս մէկ նահանջ, որ համաշխարհային ազգը անէացման կը տանի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022