ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Զրուցակիցները զիրար շնորհաւորեցին՝ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին հայ-ամերիկեան երկխօսութեան զարգացման թափին կապակցութեամբ՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքներու՝ ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան վրայ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկուստեք ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ եւ այս ձեւաչափէն ներս աշխատանքներու լիարժէք վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այն մարդասիրական հարցերուն, որոնք հրատապ լուծում կը պահանջեն։ Արարատ Միրզոյեան կարեւորեց ռազմագերիներու ազատ արձակումը, անյայտ կորսուածներու ճակատագրի պարզաբանումը, աճիւններու փոխանակման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով գրասենեակի յայտարարութիւնը։

Նախարար Միրզոյեան տեղեկացուց Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերու հրադադարի խախտումները եւ կարեւորեց իրավիճակի լիցքաթափման ուղղեալ քայլերու իրականացումը։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացին։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Ղազախիստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Միրզոյեան ներկայացուց այս հարցին վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան այլ հարցերու շուրջ։

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս, այս ուրբաթ՝ 14 յունուարին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը։ Այս ժամադրութեան ընդառաջ Ուաշինկթըն ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփման մէջ անցած է կողմերուն հետ։ Միրզոյեան-Տոնֆրիտ երէկուան հեռախօսազրոյցէն առաջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւս զրուցած էին հեռաձայնի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ նոյն օրակարգով հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։

Մոսկուայի ժամադրութեան ընդառաջ Սերտար Քըլըչ Անգարայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցած է Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։

Միւս կողմէ, Տոնֆրիտ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակին շուրջ։ Պայրամով խօսեցաւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ Պաքուի կողմէ առնուած քայլերը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022