ԵՒՍ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ…

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութիւնը միշտ կը մնայ լարուած։ Երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իրերայաջորդ հաղորդագրութիւններ հրապարակել սկսաւ՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու հերթական յարձակումներուն մասին։ Այսպէս, առաջին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երէկ, ժամը շուրջ 15.15-ին, Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի բանակը ձեռնարկած է փոխադարձ գործողութիւններու։

Նախարարութիւնը աւելի վերջ տեղեկացուց, որ ժամը շուրջ 17.30-ին Ատրպէյճանի զօրքերը վերսկսած են կրակել՝ սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Անոնք օգտագործած են հրետանային միջոցներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Հայկական կողմը դիմած է համարժէք գործողութիւններու։ Երեկոյեան ժամերուն ալ փոխադարձ հրաձգութիւնը շարունակուած է։

Այս բոլորէն վերջ նախարարութիւնը երէկ օրուայ աւարտին տեղեկացուց, որ բախումներուն հետեւանքով զոհուած են հայկական բանակէն Արթուր Մխիթարեան (2002) եւ Ռուդիկ Ղարիբեան (2002)։ Երեկոյեան ժամը 21.00-ի դրութեամբ, ըստ նախարարութեան, սահմանին վրայ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն էր։ Երէկուան իրադարձութիւններուն շուրջ նախարարութիւնը այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու կէս գիշերին յայտնաբերուած է եւս մէկ նահատակի՝ Վահան Պապայեանի (2003) մարմինը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման շուրջ։ Այս առթիւ խստօրէն դատապարտուեցաւ հրադադարի կոպիտ խախտումը։ Ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանք յղուեցաւ վիրաւոր զինուորներուն։

Նախարարութիւնը Ատրպէյճանի երէկուան սադրանքը համարած է հերթական դրսեւորումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ շարունակական ոտնձգութիւններու, որոնք 12 մայիս 2021 թուականին սկիզբ առած են՝ երկրի ինքնիշխան տարածք ներթափանցումով եւ շարունակուած են պարբերական յարձակումներով։ Նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այս փաստին վրայ՝ յայտնելով, որ կը խախտուին միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ կը խաթարուի տարածաշրջանային անվտանգութիւնը։

Հայկական կողմը բազմիցս նշած է, որ իրավիճակի ապագայ սրացումէն խուսափելու միջոցներէն մին կրնայ ըլլալ զօրքերու սահմանագիծէն հայելային ձեւով ետ քաշուիլը ու սահմանագծի երկայնքով միջազգային դիտարկման դրութեան հաստատուիլը։

«Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ուղղենք զերծ մնալ սադրիչ գործողութիւններէն եւ կատարել Սոչիի եռակողմանի յայտարարութեան ու Պրիւքսելի հանդիպման արդիւնքով ստանձնած՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման յանձնառութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ արձագանգեց երէկուան բախումներուն։ Շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի բանբերը յայտնեց, որ ուշադրութեամբ ու մշտապէս կը հետեւին Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու զերծ մնան ուժ կիրառելէ եւ բովանդակային երկխօսութեան ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծելու համար։ Բանբերը նաեւ աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022