ՈՉ ԵՒՍ Է ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ մահկանացուն կնքած է հայկական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Ռազմիկ Դաւոյեան։ 81 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան, որու կորուստին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմալեզուագրական բաժինը աւարտած էր Ռազմիկ Դաւոյեան, որ տակաւին ուսանողութեան շրջանին սկսած էր արտադրել։ Սովետական շրջանին աշխատած էր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէին մէջ։

Գրական-ստեղծագործական աշխատանքի առընթեր, վարած էր շարք մը կարեւոր պաշտօններ։ 1989 թուականի մեծ երկրաշարժէն վերջ նշանակուած էր Հայաստանի խորհրդարանի Աղէտի գօտիի յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ։  Զանազան շրջաններու մէջ գլխաւորած էր «Համազգային»ի Հայաստանի վարչութիւնը եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութիւնը։ Եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդական։ «Երեւան» վաւերագրական ժապաւէններու սթիւտիոյի տնօրէնի պաշտօնը վարելու առընթեր, եղած էր Հանրային հեռուստակայանի տնօրէնի խորհրդականը։

Ցայսօր աւելի քան 40 ժողովածու եւ գիրքեր հեղինակած էր, իր գործերը թարգմանուած էին զանազան լեզուներու, իր ստեղծագործութիւնները տպագրուած էին զանազան լեզուներով պարբերականներու մէջ եւ իր կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձած էին բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր պարբերականներ։ Նուաճած էր բազմաթիւ մրցանակներ ու պարգեւներ։

Ռազմիկ Դաւոյեանի մահով հայկական գրականութեան երկնակամարէն կը սահի փայլուն աստղ մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022