ՈՒՔՐԱՅՆԱ 2

Ղազախիստանի իրադարձութիւններու քաղաքական տարատեսակ ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները՝ յաճախ հակասական, երբեմն իրար լրացնող, այնուամենայնիւ պատահարներուն բուն շարժառիթները չեն կրնար տեղադրել յստակ շրջագիծի մէջ:

Թուրանական գարունի տեսութիւնը կը շրջագայի միջազգային վերլուծաբանութեան մէջ. յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գործող եւ չհեռացող ղեկավարներու փոփոխութեան գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթները ուշագրաւ են: Ռուսական ազդեցութեան պայքարի ղազախիստանեան գործողութիւնը եւս տեսանելի է: Անշուշտ՝ իշխող հարստապետական կարգերուն դէմ ժողովրդային ընդվզումի զանգուածայնացումը հիմնական ենթահողն է: Տակաւին՝ Արեւմուտքի դիրքորոշումը եւ յատկապէս հակաժողովրդավար վարչակարգի տապալման եւ հետեւաբար ռուսական խաղաղապահութեան մերժումը գործընթացներու վրայ ազդելու համար յայտարարուած օրակարգեր են:

ՀԱՊԿ-ի հայաստանեան նախագահութիւնը ազդեցիկ գործօն չէ: Չափազանցուած են եւ քարոզչական հիմնաւորուածութեամբ բացատրուող՝ ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմները առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի կողմէ բանեցուած ըլլալու յայտարարութիւնները: Աներկբայ է այստեղ ռուսական պատուէրը, չըսելու համար՝ հրահանգաւորումը: Եւ պարզ է, որ Երեւանը չէր կրնար այլ բան ընել:

Երկրորդական հանգամանք ունի նաեւ պաշտօնական Նուրսուլթանի դիրքորոշումը Արցախի 44 օրեային նկատմամբ. նաեւ՝ Ալիեւի ուղղուած նամակը կամ Ատրպէյճանին յղուած շնորհաւորանքները: Ներկայ պայմաններուն մէջ Երեւանը չունի այդ հարցերը արծարծելու կարելիութիւն կամ անոնց պատճառով առնուազն քննելի դարձնելու ուժ ուղարկելու կամ չուղարկելու ընտրանքները: Որոշումը բացառապէս Մոսկուային կը պատկանի:

Տարընթերցումներ, աւելի ճիշդը՝ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կան խաղաղապահ առաքելութիւն ուղարկելու իրաւականութեան շուրջ: Մէկ կողմէ կ՚ըսուի, որ ՀԱՊԿ կը միջամտէ, եթէ իր կազմակերպութեան անդամ պետութեան սահմաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարուի, հետեւաբար ՀԱՊԿ-ի գործառոյթը չունի կանոնադրական հիմք, միւս կողմէ կը շեշտուի, որ արտաքին թափանցումով ահաբեկչական գործողութիւններ սկսած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախիստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններուն դէմ: Տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ են Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը առաջին հերթին. մանաւանդ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ անհրաժեշտութիւն չկար ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան: Ամերիկացի նախարարը կ՚ըսէր, որ Մոսկուան կը փորձէ յետխորհրդային երկիրներու վրայ ազդեցութեան ոլորտը վերականգնել: Վերականգնելը արդէն կորսնցուցած ըլլալու փաստի մասին կը խօսի:

Զգոյշ է Անգարան: Անոր արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւնները պիտի քննարկեն Ղազախիստանին օժանդակելու միջոցները: Առայժմ չկայ որեւէ պաշտօնական հակադրութիւն ռուսական զօրքերու Ալմաթի տեղակայման: Ղազախիստանի մէջ Անգարան ունի ենթահող ազգաբնակչային զանգուածի առումով, եւ Ղազախիստանը ի վերջոյ թուրանական ցեղի երկիր է:

Ուշագրաւ է սակայն Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, որ Ղազախիստանի դիմելը ՀԱՊԿ-ին անընդունելի է այն պատճառով, որ միջպետական այդ կազմակերպութեան նախագահը Հայաստանն է: Այս բանաձեւին մէջ կ՚ամփոփուի Անգարայի ամբողջ ուղղութիւնը: Զուտ հայկական գործօնով պայմանաւորելով դիմումին անընդունելիութիւնը՝ նախկին դիւանագէտը ծխածածկոյթ կը յառաջացնէ:

Նոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ղազախիստանը թրքական աշխարհի ամենէն կեդրոնական երկիրն է. ըստ էութեան, համաթրքական ծրագիրի գաղափարախօսութիւնն է, որ լուսարձակի տակ կ՚առնուի: Հայաստանի նախագահութիւնը շատ երկրորդական նշանակութիւն ունի այստեղ. սլաքը հիմնովին եւ ուղղակի ուղղուած է Մոսկուային, որ խորքային առումով կը ղեկավարէ ՀԱՊԿ-ն: Իսկ այս բաղադրիչը կը խօսի արդէն ռուս-թրքական մրցապայքարի, շահերու բախման նոր ռազմավարական կէտի մասին:

Թրքական ոչ պաշտօնական մեկնաբանութեան համաձայն, ուրեմն, ռուսական զօրքեր կը տեղակայուին թրքական աշխարհի ամենէն կեդրոնական երկրին մէջ:

Թուրանական գարուն, ռուսական ազդեցութեան վերականգնման փորձ, Ուքրայնա 2 եւ ռուս-թրքական շահերու բախման նոր կէտ: Ահա մինչ այժմ երեւցած նոր ուղղութիւնները Ղազախիստանի մէջ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022