ՍԻՊԻԼԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԵԼՈՅԹԸ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՌԱՐԿԱՅ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին հերթական անգամ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այս Ամանորին Սիպիլ հանդէս եկաւ «ARTI» հեռուստակայանէն։ Ան իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով մեկնաբանեց՝ Յովհաննէս Շիրազի խօսքերու հիման վրայ յօրինուած նշանաւոր «Նամակ» երգը։ Բաց աստի, առցանց հեռուստակայանը դիտողներուն համար ուրիշ անակնկալ մըն ալ վերապահած էր։ Այսպէս, ամանորեայ յատուկ ծրագրի շրջանակին մէջ, Սիպիլ թուրք մեներգչուհի Եասեմին Կէօքսուի հետ զուգերգի ձեւաչափով մեկնաբանեց ժողովրդական շատ յայտնի «Պինկեոլ» երգը։ Սիպիլի կատարումները խոր տպաւորութիւն թողեցին բոլոր հեռուստադիտողներուն վրայ, մինչ հայկական բազմաթիւ լրատուամիջոցներ այս հաղորդումը կատարելու առընթեր կը սփռեն Սիպիլի կատարումներուն վերաբերեալ տեսանիւթեր։ Հարկ է յիշեցնել, որ Սիպիլ իր կատարումներով կը պատրաստէ տեսահոլովակներ եւ պարբերաբար արտասահմանեան ելոյթներով ալ հանդէս կու գայ։ Այս ծիրին մէջ նախատեսուած էր իր ելոյթը Պէյրութի մէջ, սակայն, ծրագիրը վերջին պահուն ակամայ յետաձգուած էր։

Չորեքշաբթի, Յունուար 12, 2022