«ՁԻԹԵՆԻԻ ՃԻՒՂ»Ի 24-ՐԴ ՕՐԸ

Թուրքիա շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդականը՝ զօրավար ՄաքՄեսթըր երէկ Իսթանպուլի մէջ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր դեսպան Իպրահիմ Քալընի կողմէ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին վերահաստատուեցան Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի երկարաժամկէտ ռազմավարական գործընկերութեան յարաբերութիւնները։ Օրակարգի վրայ եկան երկու երկիրներու առաջնահերթութիւններն ու զգայնութիւնները։ Բաց աստի, վաղեմի երկու դաշնակիցներու յարաբերութիւններու լոյսին տակ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ անոնց առջեւ ծառացած ռազմավարական համատեղ փորձութիւններուն շուրջ։ Ըստ պաշտօնական մարմիններուն կողմէ հրապարակուած գրաւոր բացատրութիւններուն, Քալըն եւ ՄաքՄեսթըր մանրամասնօրէն անդրադարձան այն բոլոր նիւթերուն, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Կողմերը կանգ առած են նաեւ՝ ահաբեկչութեան ամէն տեսակին դէմ հասարակաց պայքար մղելու հետազօտման վրայ։

ՄաքՄեսթըրէն վերջ Անգարա ներկայիս կը պատրաստուի հիւրընկալել ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը։ Ներկայ շաբթուան տեւողութեան նախատեսուած է ամերիկացի պետական քարտուղարին այցը։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գան Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ Ռեքս Թիլըրսըն ներկայիս ձեռնարկած է տարածքաշրջանային շրջագայութեան մը՝ դէպի Յորդանան, Թուրքիա, Լիբանան, Եգիպտոս եւ Քուէյթ։ Ամերիկացի դիւանագէտ մը Թիլըրսընի ժամանման ընդառաջ յայտնեց, որ քննարկումներու ընթացքին պիտի շօշափուին Թուրքիոյ կողմէ Աֆրինի մէջ ձեռնարկուած գործողութիւնները։

Միւս կողմէ, Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները՝ Սուրիոյ հիւսիսին։ Այս գործողութիւններուն ծիրէն ներս շաբաթավերջին երկիրը մեծ ցաւ ապրեցաւ նահատակներու վերաբերեալ լուրերով։ Մինչ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները թեւակոխած են 24-րդ օրը՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 1369-ի։ Երէկուան ռազմաօդային զօրքերու ռմբակոծումներով ոչնչացուած են 15 թիրախներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018