ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Հիւր ղեկավարը երէկ երեկոյեան հասաւ Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Այս առաւօտ սկսաւ պետական այցի ծրագրի գործադրութիւնը։ Պուլկար ղեկավարը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ուրկէ առաջնորդուեցաւ նախագահական ապարանք։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պուլկար պաշտօնակիցը։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու առանձնազրոյցը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018