ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Է

Աշխարհ ենթարկուած է քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն ու մարդկութեան համար ստեղծուած է նոր աշխարհ մը։ Այս նոր աշխարհին մէջ ջնջուած են գրեթէ բոլոր աւանդութիւնները, սովորութիւնները, սակայն առանց հինը գիտնալու՝ նոր աշխարհ մը հիմնել կարելի չէ… Այս նպատակով՝ քանի որ շաբաթավերջին Բարեկենդան է, տեսնենք, թէ զանազան երկիրներ ինչպէս կը զուարճանային Բարեկենդանի տօնին։

Բարեկենդանը ուրախութեան, խրախճանքի եւ ազատութեան օր մըն է, որուն ընթացքին կեանքի բնական պայմանները իրարու կը խառնուին: Այս սովորութիւնը սկսած է միջին դարերուն: Բարեկենդանին ժողովուրդը իրաւունք ունէր երգելու, պարելու, զբաղելու քաղաքներու փողոցներուն մէջ: Այդ կարճ շրջանին մարդիկ իրաւունք ունէին ծպտուելու՝ ծածկելով իրենց դէմքը, որպէսզի ոչ մէկը զիրենք ճանչնար՝ հակառակ կատարուած խենթութիւններուն: Այդ օրը փոքրիկները չափահասներու կը վերածուէին, ծառաները՝ տէրերու, դերերը շրջուած էին:

Այդ օրը բոլոր ծայրայեղութիւնները արտօնուած էին, որովհետեւ անոր պիտի հետեւէին Մեծ պահքի քառասուն օրերը: Այդ քառասուն օրերուն ընթացքին, վերայիշելով Յիսուսի անապատին մէջ անցուցած աղօթքի եւ պահքի քառասուն օրերը, քրիստոնեաները պահք պիտի բռնեն, պիտի չուտեն հարուստ կամ իւղոտ ուտելիքներ, միս, տապկուած ուտելիքներ կամ կաթնեղէններ: Պահքը վերջ կը գտնէ քառասուն օր ետք, Զատիկին:

ՌԻՈՅԻ ՔԱՐՆԱՒԱԼԸ

Ռիոյի մէջ Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը աշխարհի ամենէն նշանաւորն է: Սկզբունքով անիկա բնիկ տօն մը չէր. փորթուգալցիներն են, որոնք Պրազիլ բերած են Բարեկենդանի տօնի սովորութիւնը:

Սկզբնական շրջանին մարդիկ կը տօնէին «Էնթուտօ» կոչուած տօն մը. անոնք իրարու վրայ կամ ջուր, կա՛մ ալ ալիւր կը թափէին։

1940-ին, շնորհիւ կնոջ մը, Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը ամբողջովին ուրիշ պատկեր մը պիտի ստանար: Ծագումով իտալացի այս կինը ամուսնացած էր պանդոկի մը տիրոջ հետ, ան կ՚որոշէ կանչել երաժիշտներ, զարդարանքներ դնել եւ մեծ դիմակահանդէս մը կազմակերպել: Կամաց-կամաց բարեկենդանի այս գաղափարը կը տարածուի ժողովուրդին մէջ եւ քանի մը տարիէն մեծ դիմակահանդէսները կը դառնան տօնակատարութեան միակ միջոցը:

Ռիոյի Բարեկենդանը հսկայական տօն մըն է: Ըստ ընտրուած նիւթին, զարդարուած մեծ կառքեր կը տողանցեն Ռիօ տը Ժանէյրոյի փողոցներուն մէջ, Սամպայի երաժշտութեան կշռոյթներով, հարուստ տարազներ հագուած հազարաւոր անձերու կողքին:

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՔԱՐՆԱՒԱԼԸ

Վենետիկի Բարեկենդանի տօնակատարութեան մասին կը խօսուէր արդէն 11-րդ դարուն: Սակայն 1269 թուականին է, որ ծպտուիլը կ՚արտօնուի: Այդ շրջանին քաղաքը կը դառնար տօներու եւ ուրախութեան ընդարձակ դաշտ մը: Այս զուարճութեան կողքին, ան նաեւ ազատօրէն արտայայտուելու առիթ մըն էր: Դիմակին ետեւը պահուըտած՝ այդ օրը կարելի էր քննադատել եւ ծաղրել շուրջինները՝ առանց վախնալու հետեւանքներէն: Բարեկենդանի տօնակատարութիւնները միայն քանի մը օր չէին տեւեր, ինչպէս՝ վերջին տարիներուն, այլ տեղի կ՚ունենային տարին քանի մը անգամ. ձմրան, Մեծ պահքէն առաջ, մայիս-յունիսի կէսերուն, աշնան… կարգ մը տարիներ Բարեկենդանը կրնար տեւել մինչեւ վեց ամիս:

Վենետիկի Բարեկենդանին ամենէն յատկանշական տարազը «պաութա»ն է: Անիկա յայտնուած է 18-րդ դարուն: Անիկա կազմուած է սեւ թիկնոցէ մը, եռանկիւնաձեւ գլխարկէ մը եւ ճերմակ խաւաքարտէ դիմակէ մը. դիմակին վարի բաժինը ցցուն է, որպէսզի զայն դնողը կարենայ դիւրութեամբ ուտել ու խմել՝ առանց դիմակը հանելու: Դիմակին այս յատուկ ձեւին պատճառով նոյնիսկ անձին ձայնը «ծպտուած» կրնայ թուիլ, եւ դիւրին չ՚ըլլար անձը ճանչնալ:

ՆԻՒ ՕՐԼԻՆԶԻ ՄԱՐՏԻ ԿՐԱՆ

Կաթողիկէներուն համար Մարտի Կրա, կամ Իւղոտ երեքշաբթին, Բարեկենդանի վերջին օրն է. յաջորդ օրը կը սկսի պահքը: Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օրլինզի Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Նիւ Օրլինզի Մարտի կրայի տօնը:

Նիւ Օրլինզի առաջին Մարտի կրայի տօնակատարութիւնը փոքրիկ արարողութիւն մըն էր: Անիկա տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 1699-ին, այդ օրը ֆրանսացի հետախոյզ Ռընէ Ռոպէր Քաւըլիէ Միսիսիփի գետի ափին գտնուող հողաշերտ մը անուանեց «Մարտի կրայի կէտը»: Այդ օրը նաեւ Ֆրանսայի մէջ կը տօնուէր Մարտի կրան:

Յաջորդող տարիներուն, այս առիթով կազմակերպուեցան խրախճանքներ եւ տօնակատարութիւններ: Սակայն սպանացի ղեկավարները համամիտ չէին եւ արգիլեցին այս տօնակատարութիւնները: 1820-ին ժողովուրդին ճնշումին տակ անոնք դարձեալ արտօնուեցան:

Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը Մարտի կրայի տօնակատարութիւնները շատ աղմկարար էին եւ շատ անկանոն: Պետութիւնը կը մտածէր զանոնք արգիլել: Սակայն 1857-ին, Ալապամայի շրջանէն վեց երիտասարդներ փրկեցին Մարտի կրան: Անոնք կազմեցին «Միսթիք քրուի օֆ քոմիւս» անունով խմբակ մը եւ տողանցք մը կազմակերպեցին Մարտի կրայի գիշերը: Անոնցմէ մէկը նշանակուեցաւ տողանցքին թագաւորը, եւ անոնք շրջեցան քաղաքի պատմական թաղամասին՝ Վիէօ Քարէի փողոցներուն մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր սովորութիւնը շարունակուեցաւ. զիրար ճանչցող անձերէ, բարեկամներէ, դրացիներէ, միասին աշխատող անձերէ կազմուած խմբակներ՝ «Քրուինէր» (անգլերէն քրու բառէն, որ կը նշանակէ անձնակազմ) կազմուեցան, կազմակերպուեցան, յղացան իրենց կառքերուն կերպարանքը, անձնապէս հոգացին ծախսերը եւ շարունակեցին տողանցել քաղաքի փողոցներուն մէջ: Այժմ այդ տողանցքներուն կը մասնակցին մօտաւորապէս քսան կառքեր եւ տասնեակ մը փողերախումբեր:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021