ՀԱՄԵՐԳ - ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը այս շրջանին ունեցած է կարեւոր ձեռքբերում մը։ Այսպէս, Ճաբոնէն «Yamaha» մակնիշով նուագարաններու ամբողջ կազմ մը յատկացուած է այս նուագախումբին։ Սա Հայաստան-Ճաբոն համագործակցութեան ողջունելի երեւոյթներէն մին դասուած է։ Այս նոր նուագարաններու ապահովման առթիւ, երէկ, Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի այս համերգը նախատեսուած էր որպէս շնորհանդէս՝ նոր նուագարաններու եւ երաժշտական սարքաւորումներու ձեռքբերման առթիւ։

Երաժշտահանդէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպանը, որուն առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնուեցան թէ՛ նուագախումբի ղեկավարութեան եւ թէ Հայաստանի Մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան պաշտօնատարներուն կողմէ։

Համերգին ներկայ էր նաեւ հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան, որ եւս  նուագախումբի անդամներուն ուրախակից եղաւ, շնորհաւորեց Ճաբոնի դեսպանը եւ ունկնդիրներուն հետ վայելեց բարձրորակ կատարումները։

Երաժշտասէրները համերգի աւարտին ջերմ ծափերով ողջունեցին Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը, որ հանդէս եկաւ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021