ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԻՆ ԿԸ ՍՊԱՍՈՒԻ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։ Վերջին օրերուն տեղի ունեցած էին հաղորդումներ, թէ նախարարներու հեռախօսազրոյցի թուականը արդէն ճշդուած էր։ Ակնկալուած այդ ժամկէտներով տեղի չունեցաւ Չավուշօղլու-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը։ Յամենայնդէպս, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նէտ Փրայս տեղեկացուց, որ Չավուշօղլու-Պլինքըն հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։

Ամերիկացի բանբերը վերջին մամլոյ ասուլիսին ժամանակ դիտել տուած էր, որ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը չէ փոխուած «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու խնդրին կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հարցը Թուրքիա-ԱՄՆ օրակարգին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր տարակարծութեան առարկայ է։ Ռուսական այդ համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերուիլը պատճառ կը դառնայ ԱՄՆ-ի վերապահութեան։ Վերջին ասուլիսին ժամանակ Նէտ Փրայսն ալ նշեց, որ ռուսական այդ համակարգերը ՆԱԹՕ-ի սարքաւորումներուն հետ ներդաշնակ չեն կրնար ըլլալ։ Անոնք կը սպառնան ՆԱԹՕ-ի փորձագիտութիւններու անվտանգութեան։ Բանբերը յայտնեց, որ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից՝ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւններուն խոտոր կը համեմատի այդ համակարգերու օգտագործումը։

Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր անդրդուելի կը մնայ այս հարցին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած հակազդեցութիւններուն դէմ։ Թուրքիա միշտ կը յիշեցնէ, որ ռուսական նման համակարգեր ունի նաեւ Յունաստան, որ այդ հրթիռները տեղակայած է Կրետէ կղզիին մէջ։ Յունաստանն ալ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներէն մին է։ Ուստի, Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ այդ օրինակին հետեւելով լուծում մը գտնուի նաեւ իր պարագային համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021