ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան Արցախի մարդասիրական իրադրութեան եւ արցախահայութեան առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներու հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։

Արա Այվազեան մատնանշեց հրատապ լուծման կարօտ մարդասիրական հարցերը եւ այդ համատեսքին մէջ ընդգծեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու Հայաստան վերադառնալու հարցը։ Նախարարը անթոյլատրելի համարեց այս գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ խոչընդոտներու ստեղծումը։

Արա Այվազեան եւ Ժան-Իվ լը Տրիան շեշտեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շարունակուիլը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին համանախագահներու գործունէութեան յառաջիկայ ժամանակացոյցին շուրջ։

Նախարարները կանգ առին նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցերու վրայ։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021