ԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան լրագրողներուն յայտարարութիւններ ըրաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Պրիւքսել վերջին աշխատանքային այցելութեան լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն ունին շատ ընդարձակ օրակարգ մը։ Սա կը վերաբերի թէ՛ Հայաստանի ներքին բարեփոխումներուն եւ թէ Հայաստան-ԵՄ համաձայնագրի իրագործման։

«Դուք գիտէք, որ ԵՄ բաւական լուրջ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին զանազան ոլորտներու մեր բարեփոխումներուն համար։ 2019 թուականին համար տրամադրուած 65 միլիոն եւրոն արդէն ունի իր բաշխման ուղղութիւնները եւ այս համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Մենք օրակարգի վրայ ունինք հարցեր, որոնք կը վերաբերին վիզաներու ազատականացման գործընթացին։ Կան տարածքաշրջանային հարցեր, կան այլ հարցեր, որոնց շուրջ ԵՄ-ի հետ ձեւաւորուած է բաւական ընդգրկուն համագործակցութիւն։ Այս շրջանին Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ձեւաւորուած են շատ խտացեալ երկխօսութիւն, շատ խտացեալ յարաբերութիւններ՝ ԵՄ-ի ղեկավարութեան հետ», յայտնեց Մնացականեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ այժմ կարելիութիւն ստեղծուած է մնայուն կերպով պահել Եւրոմիութեան հետ երկխօսութիւնը։ Ան շարունակեց. «Մենք բաւարարուած ենք Հայաստան-ԵՄ համաձայնագրի վաւերացման գործընթացով։ Հինգ երկիր մնացած է, որ պէտք է վաւերացնէ այդ համաձայնագիրը։ Մենք շատ աշխոյժ կ՚աշխատինք այդ երկիրներուն հետ»։

Արդեօք Նիկոլ Փաշինեան եւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անդրադարձա՞ծ են Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին։ Պատասխանելով այս հարցման՝ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ. «Սահմանադրական բարեփոխումները մեր ներքին բարեփոխումներու օրակարգն են»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը մեկնաբանեց նաեւ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջանին բարձրաձայնուած մտահոգութիւններուն, ըստ որոնց Ատրպէյճան մտադիր է Եւրոմիութեան հետ այս տարի կնքել համաձայնագիր մը, ուր Արցախի վերաբերեալ հատուածին մէջ պիտի կատարէ իրեն համար ձեռնտու ձեւակերպումներ։ Ի պատասխան, Զօհրապ Մնացականեան շեշտեց, որ սա նախկին, ներկայ կամ ապագայ իշխանութիւններու հարցը չէ, այլ Հայաստանի հարցն է։ «Սա օրակարգային հարց մըն է, կը վերաբերի տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան գործընթացին, որ տեղի կ՚ունենայ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակին վրայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Եւրոմիութիւնը եղած է ու կը մնայ աջակից այդ գործընթացին։ Մենք Եւրոմիութեան հետ ունինք մեր համաձայնագիրը, ուր արտացոլուած են մօտեցումները այս հարցին առընչութեամբ։ Բնականաբար կ՚ակնկալենք, որ այդ մօտեցումները վերաբերին ամբողջ տարածքաշրջանին», շեշտեց Մնացականեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020