INALCO-Ի ՎԿԱՅԱԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) հայկական բաժանմունքի եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ ներկայիս մշակուած է նոր ու կարեւոր ծրագիր մը, որ հետամուտ է սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Սա վկայականի ծրագիր մըն է, որ կեանքի պիտի կոչուի 2020 թուականի դեկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2021 թուականի յունուարը։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, բարելաւելու համար սփիւռքի հայոց լեզուի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն մասնագիտական կրթութիւնը, զանոնք իրազեկ դարձնելով կրթութեան ժամանակակից մեթոտներուն ու նրբութիւններուն եւ մղելով մանկավարժական փորձատիպերու քննական վերատեսութեան, INALCO-ի հայկական բաժանմունքը, Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ տարեկան «Արեւմտահայերէնի ուսուցում Սփիւռքի մէջ» ծրագիրը, որ նախատեսուած է արեւմտահայերէնի ներկայ եւ ապագայ ուսուցիչներուն համար, որոնք կը դասաւանդեն սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ (Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա): 

Հայոց լեզուի մասնագէտ ուսուցիչին դիրքը բարելաւելու նպատակով՝ այս ծրագիրը կը շնորհէ եւրոպական վարկեր՝ ECTS, որոնք տրամադրելի են լեզուի ուսուցման եւ հայագիտութեան բարձրագոյն ծրագրերու:

2020 տարեշրջանի դիմումներու պայմանաժամը աւարտած է։ 2021 տարեշրջանի համար ծրագիրը կը սկսի չորսշաբաթեայ խտացեալ դասընթացքով մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ «Հազար ու մէկ աշխարհ» կազմակերպութեան միասնաբար կազմակերպած ստեղծագործական արեւմտահայախօս ամառնային ճամբարի ծիրէն ներս, 2020-ի յուլիս 12-էն մինչեւ օգոստոս 7-ը:

Ծրագրի երկրորդ մասը տեղի կ՚ունենայ հեռակայ կարգով: Ամառնային դասընթացքը կը նախատեսէ 103 ժամ դաս, տարբեր ձեւաչափերով (դասեր, սեմինարներ, աշխատանոցներ եւ օտար լեզուի դասընթացք):

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020