ԱԶՆԱՒՈՒՐԷՆ ՋԵՐՄ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի որդին Նիքոլա Ազնաւուրն ու կողակիցը՝ Քրիստինա Սարգսեանը։ Շարլ Ազնաւուր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսներէն մին է, իր որդւոյն միջոցաւ Արմէն Սարգսեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շարլ Ազնաւուրի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Իմ անկեղծ շնորհաւորանքը եւ ջերմ մաղթանքը կը յղեմ ձեզի Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առթիւ։ Վստահ եմ, թէ ձեր մեծ փորձառութիւնը եւ մարդասիրական արժէքները հնարաւորութիւն կու տան մեծ ներդրում ունենալ Հայաստանի յետագայ զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ լաւագոյնս ծառայել՝ ի շահ մեր ժողովուրդին Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

«Ձեզի կը մաղթեմ ամենայն յաջողութիւն՝ մեր հայրենիքը խաղաղութեան եւ բարօրութեան ճանապարհով առաջնորդելու ձեր վճռական առաքելութեան մէջ»։

Շնորհակալութեամբ ընդունելով ուղերձը, նախագահ Արմէն Սարգսեան անգնահատելի համարեց Շարլ Ազնաւուրի ծառայութիւնները՝ իր արուեստով ու գործունէութեամբ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու եւ ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018