ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՉԿԱՅ. ՀԱՐԹ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմնի ժողովը։ Ներկայիս երկրէն ներս նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթաց մը կ՚ընթանայ՝ նորահաստատ խորհրդարանական ղեկավարման համակարգի պայմաններուն ներքեւ։ ՀՀԿ մեծամասնութիւն կը կազմէ երկրի խորհրդարանէն ներս, ուստի հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը լարուած է անոր կառոյցներու քննարկումներուն եւ որոշումներուն վրայ։

Գործադիր մարմնի երէկուան ժողովէն վերջ կուսակցութեան բանբեր Եդուարդ Շարմազանով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ ՀՀԿ-ի խորհուրդի նիստը։ Շարմազանով յայտնեց, որ կուսակցութեան խորհուրդին պիտի առաջարկուի վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածու ներկայացնել կուսակցապետ Սերժ Սարգսեանի անունը։

«ՀՀԿ-ի գործադիր մարմինը քննարկումներու սկսաւ ապագայ վարչապետի վերաբերեալ։ Քննարկումները ընթացան միասնութեան, համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ։ Բոլորը ընդունեցին նախօրէին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ կատարուած առաջարկը։ Մենք որպէս գործադիր մարմին Շաբաթ օրը ՀՀԿ-ի խորհուրդի նիստին կը ներկայացնենք վարչապետի թեկնածուն։ Պարզ է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ մեր վարչապետի թեկնածուն՝ կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանը։ Այլ թեկնածուի անուն նոյնիսկ չէ ալ հնչած», ըսաւ Շարմազանով։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր ուժեր բողոքի ցոյցեր կ՚ընեն՝ որպէսզի Սերժ Սարգսեան չդառնայ վարչապետ եւ չշարունակէ գործնականօրէն գտնուիլ երկրին գլուխը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018