ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Յարութեան տօնին առթիւ երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ Ֆէնէրի Յունաց պատրիարքարան եւ Թուքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարան։ Նորին սրբազնութեան ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Ֆէնէրի մէջ նորին սրբազնութիւնը Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին յղեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։ Ջերմ հանդիպման ընթացքին նորին սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Ան լանջախաչ մըն ալ նուիրեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանին։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ իր ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի կողմէ։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ Զեքիեան Գերապայծառի անձին մէջ շնորհաւորեց հայ կաթողիկէ հասարակութեան Ս. Յարութեան տօնը։ Ներկայ էին նաեւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան յանուն Պատրիարքական Աթոռին ներկայ գտնուեցան Հրէից ցեղասպանութեան՝ Հոլոքոստի վերյիշման արարողութեան։ Ոգեկոչման երեկոյթը տեղի ունեցաւ «Նեւէ Շալոմ» սինակոկին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018