ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐ՝ 2030 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

2030 թուականին համաշխարհային բարեկեցութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը կը վերահսկուի բնակչութեան 1 տոկոսին կողմէ: Այս թուանշանի մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի գրադարանի կանխատեսումը:

Այս տուեալները կը նախազգուշացնեն աշխարհի ղեկավարներու համար առ այն, որ բնակչութեան ամենաունեւոր հատուածի կողմէ հարստութիւններու շարունակուող կուտակումը կը նպաստէ հասարակութեան մէջ անվստահութեան եւ դժգոհութեան աճին, եթէ իշխանութիւնները միջոցներու չձեռնարկեն հաշուեկշիռը փոխելու համար, կը գրէ The Guardian թերթը: Հրապարակուած գնահատումներու համաձայն, եթէ պահպանուին այդ ուղղութիւնները, որոնք կը վերաբերին 2008-ի ելմտական ճգնաժամի ժամանակներուն, ամենահարուստ մարդիկ, որոնք կը կազմեն բնակչութեան հարիւր առ 1 տոկոսը, կը տիրեն համաշխարհային հարստութիւններու հարիւր առ 64 տոկոսին: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 2008 թուականին աշխարհի բնակչութեան 1 տոկոսը կազմող ամենահարուստ մարդոց կարողութեան աճի միջին բարձրացումները կը հասնին տարեկան 6 տոկոսի, իսկ բնակչութեան մնացեալ 99 տոկոսինը՝ ընդամէնը 3 տոկոսի: Այս տուեալներու լոյսին տակ կը կանխատեսուի, որ 2030-ին աշխարհի ամենահարուստ մարդոց կարողութիւնը ներկայի 140 եռիլիոն տոլարէն կ՚աճի մինչեւ 605 եռիլիոն տոլար սահմանները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018