ՄԵԾ ԳՐՈՂԻ ՀԵՏՔՈՎ

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի լոքալին մէջ տեղի ունեցաւ Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի բանախօսութիւնը, որ ձօնուած էր հայ գրականութեան տիտաններէն Զապէլ Եսայեանի։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի եւ Օրթագիւղի Լուսաւորիչեան մշակութային ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Օրուան ատենախօսը նախապէս ալ արտայայտուած էր Զապէլ Եսայեանի մասին եւ երէկուան ելոյթը ի շարունակութիւն կազմակերպուած երկրորդն էր։

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան պատուեց երէկուան գրական երեկոյթը, իր կողքին ունենալով Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։ Ներկայ էին Սուրբ Յակոբի լոքալի պատասխանատուներէն Թալին Կազէր եւ կոկիկ թիւով հետաքրքիրներ։  

Բանախօսութեան ընթացքին Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու անդրադարձաւ Զապէլ Եսայեանի առաջին գործերուն, որպէս գրող ոդիսականին, վկայած ողբերգութիւններուն եւ կեանքի ողբերգական պատմութեան։ Ուսլու բացատրեց, որ տակաւին գրական ասպարէզէ ներս ոտք դրած պահուն Զապէլ Եսայեան կը գիտակցէր այդ բնագաւառէ ներս արական սեռի գերակայութեան։ Սրբուհի Տիւսաբն ալ շատ երիտասարդ տարիքի մէջ անոր խորհուրդ տուած էր ըլլալ կատարելապաշտ՝ գրական աշխարհէ ներս տեղ մը ունենալու համար։ Տքթ. Ուսլու բացատրեց, որ Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները ունին երկու կարեւոր երեսակ։ Առաջինը աւելի զայրոյթով բնորոշուած երեսակ մըն է՝ երկրի անարդարութիւններուն, քաղաքական խնդիրներուն ու բանուորներու կեղեքման բերումով։ Երկրորդ երեսակը կը բնորոշուի յարաբերաբար աւելի բարդ լեզուով։ Այնտեղ կը ցոլանայ կնոջ խառն ներաշխարհը։ Այս վերջինները մեծ նպաստ մը բերած են հայկական գրականութեան ու կը ներկայացնեն վիթխարի արժէք։

Բանախօսութեան տեւողութեան Ուսլու ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի ընկալումները 1908 թուականի յեղափոխութեան մասին։ Ան կանգ առաւ նաեւ «Աւերակներու մէջ» նշանաւոր գիրքին վրայ, որ կը ցոլացնէ 1909 թուականի Ատանայի կոտորածներով պայմանաւորուած ահաւոր ողբերգութիւնները։ Ուսլու շեշտեց, որ այս գիրքէն վերջ Զապէլ Եսայեան սկսած էր գրի առնել վկայութիւններ։ Ատենախօսը մէջբերեց նաեւ սփիւռքահայ յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանէն արտայայտութիւններ, ըստ որոնց, Զապէլ Եսայեան ըրած էր ողբերգութեան քարտուղարութիւնը։ 1915-ի վերաբերեալ վկայութիւններ ալ գրի առած է Զապէլ Եսայեան։ Տքթ. Ուլսու ընդգծեց, որ համապատասխան գիրքերուն մէջ Զապէլ Եսայեան ինք ետին քաշուելով միմիայն փոխանցած է վկայութիւնները։

Տքթ. Ուսլու աւելի վերջ մատնանշեց, որ Զապէլ Եսայեան Խորհրդային Հայաստան կատարած այցելութեան ի շարունակութիւն գրի առած էր գիրք մը եւս եւ իր համոզմամբ այդ մէկը ունէր քարոզչական բնոյթ։ Յաջորդող տարիներուն Զապէլ Եսայեան հաստատուած էր Խորհրդային Հայաստան, ուր հեղինակած էր վէպեր՝ ընկերվարական-իրապաշտ բնոյթով։ Այդ բոլորը կը համընկնէին Համայնավար կուսակցութեան հայեացքներուն։ 1937 թուականին Խորհրդային Հայաստանի մէջ ձերբակալուած էր՝ ֆրանսական գործակալ մը ըլլալու պնդումով։

Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու երէկուան ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ Զապէլ Եսայեանի պատմուածքներու եւ վէպերու գրեթէ բոլորին մէջ գոյութիւն ունի Իսթանպուլը։ Ընդհանրապէս գործերու սկիզբը կը բնորոշուի տուեալ հերոսի Իսթանպուլ վերադարձով։ Եսայեան մանրամասնօրէն Իսթանպուլը նկարագրած է՝ հակառակ, որ 1915-էն վերջ երբեք չէ տեսած քաղաքը։ Իր հեղինակած բոլոր գործերուն մէջ կ՚երեւին պայքար եւ ըմբոստութիւն։

Հուսկ, Ուսլու ընդգծեց, որ թէ՛ հայկական եւ թէ օսմանեան գրականութեան տեսակէտէ Զապէլ Եսայեան տակաւին ունի բացայայտուելիք բազում երեսակներ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018