ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ լարուածութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ՝ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ տարակարծութիւններու հետեւաքով։ Մինչ երկու մայրաքաղաքներուն կողմէ կը սանձազերծուին սպառնալիքներ, միջազգային հանրութիւնը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վարկածներու շուրջ մտածել սկսած է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ փոխադարձ վերջնագրեր ներկայացուցին, ինչ որ ցնցեց համայն աշխարհը։ Ըստ երեւոյթին, Ուաշինկթընի դիրքորոշման մէջ կան տատամսումներ, որոնք երէկ ցոլացան Տանըլտ Թրամփի կողմէ փոխանցուած պատգամներուն վրայ։ Արդարեւ, ամերիկացի ղեկավարը նախ խօսեցաւ հրթիռներ արձակելու, իսկ աւելի վերջ զինման մրցավազքին վերջ տալու մասին։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յարաբերաբար աւելի հանդարտ ոճով մը արտայայտուեցաւ։ Ան յայտնեց, որ աշխարհի իրադարձութիւնները ընդհանրապէս մտահոգիչ կը համարուին։ Ռուս ղեկավարը յոյս յայտնեց, թէ աչալրջութիւնը կը յաղթահարէ։ Հուսկ, օրուան վերջաւորութեան Սպիտակ տունը դարձեալ հաղորդեց, որ բոլոր վարկածները կը գտնուին սեղանի վրայ։

Առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու նախագահները անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն։ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան օր մը առաջ ալ խօսած էր Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռուսաստանի Պետական տումայի Պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Վլատիմիր Շամանովն ալ յայտնեց, որ Թուրքիա միջնորդի դերով հանդէս կու գայ իր երկրին եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ։

Ամերիկեան կողմը ներկայիս քիմիական զէնքերու օգտագործման պատրուակով կ՚ուզէ հարուած հասցնել Սուրիոյ։ Ռուսական կողմն ալ զգուշացուց՝ որպէսզի հարուած չհասցուի Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ յաղթահարէ աչալրջութիւնը։ Մեկնաբաններ ներկայ զարգացումները կը բաղդատեն մօտաւոր անցեալին Իրաքի պարագային ապրուածներուն հետ։

Անգլիական BBC-ն ալ տեղեկացուց, որ Թրամփ կը քննարկէ Սուրիոյ դէմ ռազմական հարուածներու հարցին մէջ քանի մը տարբերակ, սակայն տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տրուած։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018