ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ

Երէկ, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն։ Ըստ Պաքուէ հասած լուրերուն, ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Իլհամ Ալիեւ վերընտրուած է նախագահ։ Քուէարկութեան արդիւնքին ան հաւաքած է քուէներու 86 տոկոսը։

Այսպէսով Իլհամ Ալիեւ չորրորդ անգամ անընդմէջ պիտի զբաղեցնէ նախագահի պաշտօնը։ Իր պաշտօնավարութեան ժամկէտն է եօթ տարի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12, 2018