ԳԻՏԱՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը վերջերս բացառիկ հարցազրոյց մը հրապարակեց թրքագէտ Լուսինէ Սահակեանի հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը եւս արձագանգ հանդիսացաւ այս հարցազրոյցին, որով յայտնի կը դառնայ, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան արխիւներէն ներս վերջին շրջանին գիտահետազօտական ծաւալուն աշխատանք մը սկսած է։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի օրհնութեան եւ հովանաւորութեան ներքեւ յառաջ կը տարուի այս ծրագիրը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ունի հայկական հարցի վերաբերեալ իր ծաւալով թէկուզ ամենամեծ արխիւային հաւաքածոն։ Շուրջ ութ տասնամեակ այդ արխիւը եղած է փակ ու միայն սակաւաթիւ մասնագէտներ կարողացած են մասնակի ուսումնասիրութիւններ կատարել այնտեղ։ Այդ արխիւի ստեղծումէն շուրջ հարիւր տարի անց, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ բազմակողմանիօրէն խոշորացոյցի տակ առնուելու սկսած են բոլոր տուեալներն ու փաստաթուղթերը։ Թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան հարցազրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ օսմանագէտ Անի Սարգսեանի հետ կ՚իրականացնեն այդ աշխատանքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը Երեւանի Պետական համալսարանի մասնագէտներուն հետ համագործակցաբար ծնունդ տուած է այս աշխատանքին։ Համալսարանի ղեկավարութեան եւ անոր առընթեր գործող Հայագիտական հետազօտութիւններու կաճառի տնօրէնութեան հաւանութեամբ՝ այս ծրագրին ներգրաւուած են թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան եւ օսմանագէտ Անի Սարգսեան։

«2017 թուականէն սկսեալ, չորս այցելութիւններու ընթացքին կարողացած ենք դասաւորել՝ 11 տուփ կազմող արխիւի խառնիխուրն էջերը եւ պատճէնահանել շուրջ 25 հազար էջ։ Ի դէպ, վաւերագրերու մեծ մասը ձեռագիր է՝ գրուած արեւմտահայերէն, հայատառ թրքերէն, օսմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն։ Սա բաւական բարդ եւ ժամանակատար աշխատանք մըն է, որովհետեւ գրութիւնները զանազան ձեւերով են եւ երբեմն համառօտ նկարագրութիւն մը կազմելու համար անհրաժեշտ կը դառնայ կարդալ 30-40 էջնոց վաւերագիր մը։ Մեր խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ այլ մասնագէտներ, որոնց հետ կը քննարկենք մեր աշխատանքները եւ կը խորհրդակցինք։ Այժմ կ՚ընթանան այդ թղթածրարներու ցուցակագրման աշխատանքները։ Ցուցակներու ժողովածոները հրատարակելու համար արդէն կազմուած է խմբագրական խորհուրդ մը։ Արխիւի ամբողջական պատկերը պիտի ներկայացնենք համալիր քննութենէ յետոյ, երբ աւարտին ցուցակագրական աշխատանքները։ Իսկ առաջին երեք տուփերու թղթածրարներու մասին շուտով լոյս պիտի տեսնէ պատրաստուած ծաւալուն յօդուածը», ըսած է Լուսինէ Սահակեան հարցազրոյցին մէջ։

Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մօտ ի պահ դրուած են Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ արխիւները, որոնք իր հետ արտասահման տարած էր հոգելոյս պատրիարք Տ. Զաւէն Արք. Տէր-Եղիայեան, Հանրապետական Թուրքիոյ ստեղծման շրջանին Իսթանպուլէն հեռանալու ժամանակ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020