ՊՐԻՒՆԵԹ ԱՆՑԱՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ

Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ «Եւրոտեսիլ 2023» մրցոյթը։ Եզրափակիչ փուլին ընդառաջ, երկու կիսաեզրափակիչներ տեղի կ՚ունենան՝ նոյնպէս Լիվըրփուլի մէջ։ Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին կիսաեզրափակիչը, որու ժամանակ հանդէս եկաւ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Պրիւնեթ, որ ներկայացուց «Future Lover» երգը։ Արդիւնքին ան իրաւունք շահեցաւ եզրափակիչ փուլին մասնակցելու։ Իր գործն ու տեսահոլովակը մեծ համակրանք ստեղծած են ընկերային ցանցերու վրայ։

Այժմ հայ երաժշտասէրները կը սպասեն, թէ ան ինչ արդիւնք պիտի ապահովէ վաղուան աւարտականին։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023