ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ZIP LINE-Ը

Աշխարհի ամենաերկար zip line-ը Հայաստանի Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»ի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Yell Extreme Park» նախագծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխճեան:

«Zip line-ի ճարտարապետական հատուածը գրեթէ պատրաստ է եւ միայն մէկ երկու հարց մնացած է լուծելու: Իսկ բուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Յունիսի 20-ին: Մենք նախատեսած ենք շինարարութիւնը աւարտել Յուլիսի վերջը», ըսած է Չիբուխճեան:

Շուտով Արցախի մէջ եւս պիտի ըլլայ «Yel Extreme Park»: «Արցախի մէջ հրաշալի բնութիւն կայ եւ մեծ ներուժ՝ զբօսաշրջութեան զարգացման համար», շեշտած է նախագծին հեղինակը:

Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենաերկար  zip line-ի կառուցման նպատակով Indiegogo համաֆինանսաւորման միջազգային հարթակով Մայիս 4-Յունիս 2 թուականներուն միջեւ տեղի ունենած է դրամահաւաք, որուն արդիւնքով հաւաքուած է 22 հազար 165 տոլար:

«Yell Extreme Park» նախագիծը 2015 թուականէն ի վեր կ՚իրականացնէ ոլորտի զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագրեր՝ ձգտելով դառնալ տարածքաշրջանի մէջ զբօսաշրջութեան մեծ կեդրոն: Նախագիծը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածային զբօսաշրջութիւնը, ստեղծել նոր աշխատատեղիներ, աշխուժացնել հասարակական կեանքը եւ խթանել առողջ ապրելակերպը:

Նախագիծը իր գործունէութեան սկսած է Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ՝ zip line-ով, իսկ այժմ աշխոյժ պտոյտ նախընտրողներուն կ՚առաջարկէ նաեւ paragliding, roppark, paintball, ձիով արշաւներ, արտաճանապարհային պտոյտներ եւ այլն: Ընդլայնելով գործունէութեան աշխարհագրութիւնը՝ «Yell Extreme Park»ը 2017-ի Մայիսէն ի վեր Ստեփանակերտի օդակայանի հետ համատեղ երկտեղանի մարդատար օդանաւով սկսած է իրականացնել Ստեփանակերտ-Շուշի յետադարձ ուղղութեամբ առանց կանգառի (nonstop) զբօսաշրջային թռիչքներ:

Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ կառուցուող աշխարհի ամենաերկար zip line-ը պիտի ունենայ 2680 մեթր երկարութիւն եւ 200-300 մեթր բարձրութիւն: zip line-ով թռիչքը պիտի տեւէ 3-4 վայրկեան՝ առաւելագոյնը 120 քմ․/ժ արագութիւն զարգացնելու հնարաւորութեամբ:

 

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017