«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՎԷՊԵՐԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է հայերէն նոր գիրք մը, որ կը բովանդակէ Զապէլ Եսայեանի երկու վէպերը։ Այսպէս, գիրքին մէջ համատեղուած են հեղինակի «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» գործերը։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Գրիգոր Պըլտեանի եւ Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Կողքը պատրաստած է Արէտ Կըճըր, որ օգտագործած է Կարապետ Եազմաճեանի «Հրդեհ Պայազըտի մէջ» գեղանկարը։

Գրասէրներ վստահաբար անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձնեն այս գործը։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018