ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ ԳՈՐԾԵՐ

«Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի հիմնադիր Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան ամոլը այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երէկ, Սիմոնեանները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան հիմնադրամի գործունէութիւնը, ցարդ իրականացուցած ծրագրերը եւ յետագայ ընելիքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի գործունէութեան, ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ նոր նախաձեռնութիւններուն։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ ոգեւորուած է այս կեդրոնի փայլուն գործունէութեամբ։ «ԹՈՒՄՕ»ն այն փայլուն օրինակն է, որ անմիջապէս ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան ինչ ուղղութեամբ պէտք է երթայ։ Սա նաեւ լաւ օրինակ մըն է, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած հայեր՝ իրենց գաղափարները, արհեստավարժութիւնը Հայաստանի հետ բաժնելով, կրնան ստեղծել հետաքրքրական գործ մը, որ իւրօրինակ է ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Սեմ Սիմոնեան երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018