ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ուն այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հանդիպում մը ունեցան Սինկափուրի մէջ։ Սա բառին բուն իմաստով պատմական գագաթաժողով մըն էր, որու արդիւնքին երկու նախագահները ստորագրեցին համաձայնագիր մը։ Շուրջ վեց տասնամեակ տեւած ցրտութենէ մը վերջ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները այսպէսով կը թեւակոխեն բնականոնացման փուլ։

Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագրերուն բերումով վերջին շրջանին միջազգային հանրութիւնը ապրած էր խոր մտահոգութիւն։ Այդ երկիրը հասած էր ինչպէս Հարաւային Քորէայի կամ Ճաբոնի, այնպէս ալ ԱՄՆ-ին սպառնալու աստիճանին։ Ստեղծուած էր իսկապէս յոռետես իրավիճակ մը, որով նոյնիսկ պատերազմի հաւանականութիւնը հաշուի կ՚առնուէր։ Այդ մտահոգիչ փուլէն վերջ բարեբախտաբար յաջողութեամբ պսակուեցան դիւանագիտական բազմակողմանի ջանքերը եւ ողբերգական հաւանականութիւնները կանխուեցան։

Սինկափուրի գագաթաժողովի աւարտին փաստաթուղթ ստորագրած ղեկավարները տուին դրական պատգամներ։ Թրամփ ըսաւ. «Մենք կը ստորագրենք շատ կարեւոր, մանրակրկիտ փաստաթուղթ մը։ Իր կարգին, Քիմ Եոնկ Ունն ալ յայտնեց. «Այս պատմական փաստաթուղթի ստորագրումը կ՚ազդարարէ նոր մեկնարկի մը մասին։ Մենք կը տեսնենք մեծ փոփոխութիւններ»։

Հարկ է նշել, որ ըստ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան, ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթի բովանդակութիւնը տակաւին հրապարակուած չէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018