ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Աթէնքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած է աղմկարար սպանութիւն մը, որու զոհ գացած է հայազգի գործիչ Մերուժան Հարթենեան։ Այս վերջինը յունիսի 5-ին, առաւօտեան ժամերուն Աթէնքի Անօ-Ղլիֆաթա թաղամասի բնակարանի ստորգետնեայ կայանատեղիին մէջ թիրախը դարձած է՝ երկու անծանօթներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու։ Սպանութիւնը իրականացուած է 7.65 եւ 9 միլիմեթր տրամաչափով երկու տարբեր զէնքերու կրակոցներով։ Թէ՛ յունական եւ թէ միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած են այս դէպքին, մինչ տեղւոյն հայ համայնքն ալ ցնցուած է խորապէս։ 41-ամեայ Մերուժան Հարթենեան նախկին ըմբիշ մըն է, որ Հայաստանէն արտագաղթած էր Յունաստան։ Ան վերջին տարիներուն անդամակցած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի Թեմական խորհուրդին ու վերջերս ալ ընտրուած Թեմական խորհուրդի ատենապետ։

Այս ոճրագործութեան լոյսին տակ լրատուամիջոցները կ՚անդրադառնան զանազան պնդումներու, որոնց զուգահեռ կը մատնանշուի, որ այս դէպքը մաֆիայի զանազան խումբերու միջեւ հաշուեյարդարի մը հետեւանքն է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019