ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ՊԱՅԹՈՒՄ

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայաշատ թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը։ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հաղորդումներու հիման վրայ «tert.am» կայքէջը տեղեկացուց, որ ականներով բեռնաւորուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է՝ Ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց։ Դէպքին հետեւանքով 11 հոգի վիրաւորուած է եւ յառաջացած են նիւթական վնասներ։

Հարկ է նշել, որ այդ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Հայոց ազգային միջնակարգ վարժարանը եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը, որոնք նիւթական թեթեւ վնասներ կրած են։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019