ՄԱԿ ՄՏԱՀՈԳ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՌԿԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անհանգստութիւն պատճառել միջազգային ընտանիքին՝ մտահոգիչ բազում դրսեւորումներով։ Ճիպրալթարի նեղուցին մէջ վերջերս Իրանի նաւթատար նաւ մը բռնագրաւուած էր Անգլիոյ նաւատորմին կողմէ։ Պատճառաբանութիւնը եղած էր, որ Իրանի նաւթատարը կը խախտէր Եւրոմիութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները։ Թեհրանի արձագանգը եղած էր բուռն՝ տեղեկացուած էր, որ այս դէպքը պիտի ունենայ հետեւանքներ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Հիւրմիւզի նրբանցքէն ներս ապրուեցան այլ մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Այս անգամ անգլիական նաւթատար մը ենթարկուեցաւ վտանգի։ Անգլիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իրանի երեք նաւեր կասեցնել փորձած են այդ նաւթատարը, որու ենթարկուած վտանգը չէզոքացուած է անգլիական նաւատորմի միջամտութեամբ։ Իսկ Իրանի պաշտօնական աղբիւրները մերժեցին այդ պնդումները։

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն արձագանգեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարի բանբերներէն Ֆարհան Հաք յայտարարեց, որ տարածքաշրջանէ ներս հաւանական բախում մը աղիտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, թէ բոլոր երկիրները կ՚առնեն կանխարգելիչ քայլեր։ Բանբերի խօսքով՝ Անթոնիօ Կութերես քանիցս զսպուածութեան կոչ ուղղած է, որպէսզի Արաբական ծոցէն ներս բոլոր կողմերը խուսափին լարուածութենէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019