ՄԵԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի եւ «Լիւթֆի Քըրտար» ցուցահանդէսներու եւ համագումարներու կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Contemporary Istanbul մեծ ցուցահանդէսին բացումը։ Ձեռնարկը այս տարի կը կազմակերպուի 14-րդ անգամ։ Սա վերջին տարիներուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած արդի արուեստի մեծագոյն ծրագրերէն մին է։

Այս մեծ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս մեր համայնքի գործարարներէն Օննօ Այվազի ջանքերով բացուած է «Կալերի 77»ի տաղաւարը, ուր կը հիւրընկալուին Հայաստանէն խումբ մը հեղինակաւոր արուեստագէտներ։ Այս վերջիններու շարքին են՝ Նարեկ Արզումանեան, Ռոման Պապախանեան, Վաւ Յակոբեան, Համլեթ Յովսէփեան, Տարօն Մուրատեան, Միքայէլ Օհանջանեան, Արմէն Ռոչ, ինչպէս նաեւ Սետաթ Կիրկին եւ Ռաֆայէլ Մեկալ։ Բաց աստի, մեր համայնքի համակրելի արուեստագէտներէն Գրիգոր Սահակօղլուն ալ մասնակցութիւն կը բերէ այս ցուցահանդէսին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019