ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՍՏԵՂԾՈՒԻԼ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՍՓԻՒՌՔԸ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։ Իր շփումներուն ծիրէն ներս Զարեհ Սինանեան առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ երիտասարդութիւնը։ Մոսկուայի հայկական թանգարանէն ներս ան հանդիպում մը ունեցաւ հայ ուսանողներու հետ։ Համալսարանականներու հետ զրուցելու ժամանակ Սինանեան ուշադրութեամբ հետեւեցաւ երիտասարդներու կողմէ արտայայտուած գաղափարներուն։ Մինչ այդ, այցելութեան ընթացքին ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի՝ 2020 թուականին Հայաստանի մէջ կրնայ ստեղծուիլ խորհրդատուական մարմին մը, որ պիտի ներկայացնէ սփիւռքը։ Զարեհ Սինանեան այս մասին արտայայտուեցաւ Ռուսաստանի զանազան քաղաքներէն ժամանած հայ երիտասարդ գործարարներու եւ ռուսահայ համայնքի շարք մը աշխոյժ ներկայացուցիչներուն հետ Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպման ժամանակ։

Այս հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու տարածքին մէջ գործող հայկական «Արմենիա» տաղաւարին մէջ: Ողջունելով ներկաները՝ Զարեհ Սինանեան ներկայացուցած է Հայաստանի զարգացման տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները:

Խօսելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մասին՝ Սինանեան յայտարարած է, որ ան այժմ սփիւռքի հետ աշխատանքի օրակարգն ու ճանապարհային քարտէսը կը մշակէ, իսկ 2020-ի ամրան կը նախատեսուի կազմակերպել երեք համաժողով: Առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստան-սփիւռք համահայկական համաժողովը, որ ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ նախկին համաժողովներէն, պիտի ունենայ յստակ օրակարգ, պիտի քննարկուին խնդիրներ եւ պիտի իրագործուին տարբեր նախագիծեր: Համաժողովի նպատակներէն է նաեւ համահայկական խորհրդատուական մարմինի մը ստեղծումը, որ սփիւռքը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի մէջ:

Ըստ գլխաւոր յանձնակատարին՝ երկրորդ համաժողովը պիտի համախմբէ սփիւռքի մէջ ապրող քաղաքական գործիչները եւ պետական պաշտօնեաները եւ որու նպատակը պիտի ըլլայ մշակել քաղաքականութիւն եւ առաջարկներու ծրար: Երրորդ համաժողովը պիտի ըլլայ տնտեսական՝ ընդհանուր հարթակ ստեղծելով սփիւռքի գործարարներու համար, յայտնած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:

Մոսկուայի այս հանդիպումին կարծիքներու փոխանակում կատարուած է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայեր ներգրաւելու եւ առկայ օրէնսդրական խոչընդոտները վերացնելու հարցերուն շուրջ: Հանդիպումի մասնակիցներէն շատեր հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ գործարարութեան արտօնութիւններով, տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտին մէջ ներդրումներով, համագործակցութեան կարելիութիւններով:

Պատասխանելով բոլոր հարցումներուն՝ Սինանեան նշած է, որ պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու, նպաստելու միւս գերատեսչութիւններու հետ կապերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ համակարգելու ընթացքը: «Այս հաւաքներուն նպատակն է, նախ եւ առաջ, ձեզմէ կարենալ լսել ձեր խնդիրներուն մասին, հասկնալ՝ դուք ի՞նչ լուծումներ կը ցանկաք, ի՞նչ համագործակցութիւն կը պատկերացնէք, որպէսզի միասնաբար առաջ շարժինք», իր խօսքը եզրափակած է Սինանեան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019