ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ մեծագոյն երեք տասնեակ քաղաքներու քաղաքապետները։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողանի տանտիրութեամբ սարքուած ընթրիքին մասնակցեցան 29 գլխաւոր քաղաքապետներ եւ 14 նախարարներ։ Գլխաւոր քաղաքապետներու շարքին կը գտնուէին զանազան կուսակցութիւններէ դէմքեր, ներառեալ ընդդիմադիրներ։

Նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, թէ այս հանդիպումով ստեղծուած պատկերը ցանկալի է ազգին համար։ Ան ընդգծեց, որ երկիրը աւելի քան երբեք կը կարօտի միութեան, միասնականութեան ու եղբայրութեան։ Էրտողան մաղթեց նաեւ, որ հանդիպումը բնորոշէ երկրէն ներս ժողովրդավարական համաձայնութեան մը սկիզբը։ Էրտողան յիշեցուց, որ որպէս նախագահ կամ վարչապետ պաշտօնավարած տարիներուն ոեւէ քաղաքապետի նկատմամբ կուսակցական խտրականութիւն չէ ցուցաբերած՝ երբ խնդրոյ առարկայ եղած է ծառայութիւնը։ «Մենք աշխատած ենք այն բոլոր քաղաքապետներուն հետ, որոնք մեզի դէմ հրապարակաւ թշնամութեան մէջ չեն մտած, քաղաքավարութիւնն ու մարդկային հեռաւորութիւնը պահպանած են։ Երբեք չենք մոռցած այն ճշմարտութիւնը, թէ քաղաքական քաշքշուքները ժամանակաւոր են, իսկ մեր երկրին ու քաղաքներուն համար կատարուած ծառայութիւնները մշտական», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ յառաջիկային ալ պիտի առաջնորդուի նոյն համոզումով եւ որպէս նախագահ՝ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի գլխաւոր քաղաքապետութիւններու կացութեան, ինչպէս երկրի բոլոր հաստատութիւններուն ու խնդիրներուն։ 

Էրտողանի ելոյթէն վերջ ժողովը շարունակուեցաւ դռնփակ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, քաղաքապետները ներկայացուցին իրենց քաղաքներու խնդիրները, անոնց վերաբերեալ ակնկալութիւններն ու գանգատները։ Քաղաքապետարաններու ծրագրերը ներկայացուեցան պատկան նախարարներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019