ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՊԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Այս Ուր­բաթ, Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ։ ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նը պի­տի վա­րէ Սերժ Սարգ­սեան, քա­նի որ 2015-2016 թուա­կան­նե­րուն շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է Հա­յաս­տան։

Օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ըլ­լան ՀԱՊԿ-ի նա­խորդ գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ըն­դու­նուած ո­րո­շում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քը, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը օ­րա­կար­գի վրայ ընդգր­կուած շուրջ եր­կու տաս­նեակ հար­ցե­րու շրջագ­ծով պի­տի քննար­կեն մի­ջազ­գա­յին ի­րա­վի­ճա­կը, հա­ւա­քա­կան ա­պա­հո­վու­թեան ար­դի հար­ցե­րը, պի­տի դի­տար­կեն մին­չեւ 2025 թուա­կա­նը ՀԱՊԿ-ի ռազ­մա­վա­րու­թեան եւ ՀԱՊԿ-ի ճգնա­ժա­մա­յին ար­ձա­գանգ­ման կեդ­րո­նի մը ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րու նա­խագ­ծե­րը։ ՀԱՊԿ-ի գոր­ծու­նէու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցումն ալ պի­տի ըլ­լան ժո­ղո­վա­կան ղե­կա­վար­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Կը նա­խա­տե­սուի շարք մը քա­ղա­քա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ըն­դու­նուի­լը։

2016-2017 թուա­կան­նե­րուն ՀԱՊԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը պի­տի ստանձ­նէ Սպի­տակ Ռու­սիա։ Ուս­տի, Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քօ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր երկ­րի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։

Ե­րե­ւա­նի նստաշր­ջա­նին ժա­մա­նակ կը նա­խա­տե­սուի նաեւ ՀԱՊԿ-ի ռազ­մա­կան բա­ղադ­րի­չի հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը, զի­նուո­րա­կան անձ­նա­կազ­մի պատ­րաստ­ման, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն ար­ձա­գանգ­ման հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­մը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի ո­րո­շեն նաեւ, թէ ո՛վ պի­տի ըլ­լայ ՀԱՊԿ-ի յա­ջորդ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը՝ փո­խա­րի­նե­լով այժ­մու ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար կրնայ դառ­նալ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը։

Ե­րե­ւա­նի նստաշր­ջա­նին պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, որ Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին այս առ­թիւ պի­տի մեկ­նի Հա­յաս­տան։ Միւս ան­դամ եր­կիր­ներն ալ՝ Սպի­տակ Ռու­սիա, Ղա­զա­խիս­տան, Խրղը­զիս­տան եւ Տա­ճի­կիս­տան պի­տի մաս­նակ­ցին ի­րենց նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գլխաւո­րո­ւած պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն։ Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ Ե­րե­ւան պի­տի հաս­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն օր մը ա­ռաջ, քա­նի որ վա­ղը նա­խա­տե­սուած են իր շփում­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Նա­զար­պա­յեւ այ­սօր ալ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տար Պա­քու, սա­կայն ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ պա­ղա­ռու­թեան հե­տե­ւան­քով ան ջնջած է դէ­պի Ատր­պէյ­ճան իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2016